Տիկ. Ս. Շահնազարեան կը գրէ.- Հ. Կ. Խաչի Գալիթէա-Ծիծիֆիէս-Մոսխաթոյի մասնաճիւղի ներկայ տարեշրջանի առաջին անդամական հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 17-ին, Ծիծիֆիէսի մէջ, վարչութեան անդամուհիներէն ընկ. Հ. Ներետեանի բնակարանը։
Հաւաքոյթը իրենց ներկայութեամբ պատուած էին Շրջ. վարչութիւնը, Հ. Կ. Խաչի Ֆիքսի վարչութիւնը եւ մասնաճիւղի յարգելի անդամուհիները։ Բացումը կատարեց, վարչութեան անդամուհիներէն ընկ. Փ. Մեշէճեան, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք ընդառաջեցին վարչութեան հրաւէրին, ապա հրաւիրեց օրուան դասախօս՝ ընկ. Ալիս Ֆարաճեանը, որ իրեն յատուկ գեղեցիկ ոճով եւ արտայայտութեամբ, հրաւէր կարդաց մասնաւորաբար երիտասարդ հայուհիներուն՝ խտացնել Հ. Կ. Խաչի շարքերը։ Յարգելի ընկերուհին պատմական ժամանակներու «տիկնայք փափկասունք»էն մինչեւ մեր օրերը, օրինակելի դրուագներ տալով՝ գովքն ըրաւ հայ կնոջ հոգեկան արժանիքներուն եւ ի միջի այլոց ըսաւ.- «Անվերապահօրէն եւ պարծանքով կարելի է ըսել, թէ հայուհին իբր բարոյական ուժ գերիվեր է բոլոր ուրիշ ազգերու պատկանող իգական սեռէն։ Աննման արժանիքներով է օժտուած հայուհին, որ կը յուսադրէ հայ տղամարդը՝ դժնդակ պայմաններու տակ, տառապանքի մէջ, թէ ընտանեկան յարկին տակ, եւ թէ հանրային կեանքէն ներս։ ՀՕՄ¬ի բարեսիրական մեր սքանչելի կազմակերպութիւնը ասպարէզ կը հրաւիրէ երիտասարդ հայուհին՝ նուիրուելու հասարակական եւ գթութեան գործին, խթանելով անոր ինքնագիտակցութեան ոգին։ Ազգապահպանման դժուարին գործին մէջ, նոր սերունդին վերապահուած է հսկայ աշխատանք մը։ Երիտասարդութիւնը պէտք է գոցէ այլեւս մեր անցեալի պատմութեան տխուր էջերը եւ անոր աչքերը պէտք է սեւեռին դէպի մեր լուսաշող ապագան»։ Վարչութեան եւ ներկաներուն կողմէ, ընկ. Մեշէճեան շնորհակալութիւն յայտնեց տիկ. Ֆարաճեանին, երիտասարդութեան ուղղուած իր այնքան շինիչ եւ գեղեցիկ խօսքերուն համար։ Շնորհաւորելի է մասնաճիւղի վարչութիւնը, որ առիթը տուաւ մեր շրջանի հայութեան՝ խանդավառ օր մը վայելելու։