- Գոքինիոյ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդացի երկսեռ խումբերու կողմէ կազմակերպուած հրապարակային պար-հաւաքոյթը, որ եղանակի առաջին ձեռնարկն էր, մեծ յաջողութիւն արձանագրեց: «Զաւարեան»ի սրահը լեցուած էր հանդիսականներով: Ներկայ էին նաեւ՝ Իրաքէն, Քուէյթէն եւ Լիբանանէն հիւրաբար քաղաքս գտնուող երկսեռ հայրենակիցներ: Օրուան նախագահն էր՝ Շաքէ Տէր Յարութիւնեան, որ բացումը կատարելով նախ յայտնեց, թէ եղանակի այս առաջին հրապարային ձեռնակրը նուիրուած է Երիտասարդացի խումբերու այն անդամներուն, որոնք արտասահման պիտի մեկնին, հայկական բարձրագոյն վարժարաններու մէջ իրենց ուսումը շարունակելու համար: Ապա անցնելով համեստ յայտագրի գործադրութեան, բեմ հրաւիրեց «Համազգային»ի Պէյրութի Ն. Փալանճեան ճեմարանի ուսանողներէն՝ ընկ. Կիրակոս Մկրտիչեանը, որ ներկայացուց բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի կենսագրականը: Յետոյ բեմ հրաւիրուեցաւ նոյնպէս ճեմարանի ուսանողներէն ընկ. Յարութիւն Մխիկեանը, որ ամփոփ կերպով ներկայացուց ճեմարանի պատկերը՝ հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր: Յաջորդաբար ընկեր Կիրակոս Մարկոսեան ապրումով արտասանեց Յովհաննէս Թումանեանի «Հայրենիքիս հետ» քերթուածը: Նախագահ ընկ. Շաքէն հաւաքոյթի գրական բաժինը փակելով ներկաները պարի հրաւիրեց: Տեղի ունեցան վիճակահանութիւն եւ ընդհանուր զարգացման մրցում: Ներկաները մեծարուեցան գարեջուրով եւ կարկանդակով:
- Հելսինքիի (Ֆինլանտա) մէջ տեղի ունեցած խուլ մարզիկներու 9-րդ համաշխարհային խաղերուն, որոնք տեղի կ՛ունենան չորս տարին անգամ մը, մասնակցած է նաեւ Հայաստանէն Ռուտոլֆ Վարդանեան, Խ. Միութեան ախոյեան: Թեթեւ ծանրութեան մէջ մրցած է եօթը ըմբշամարտիկներու հետ եւ՝ բոլորին ալ յաղթած: Հայ ըմբշամարտիկը շահած է աշխարհի ախոյեանութեան պատուաւոր կոչումը եւ արժանացած է ոսկի մետալի: