Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Ամենայն հայոց կաթողիկոս՝ Վազգէն Ա. անցեալ Կիրակի հասած է Երուսաղէմ եւ քաղաքի մուտքին ընդունուած՝ կառավարիչին, պաշտօնական անձնաւորութիւններու եւ հայ համայնքին պատկանող բազմաթիւ անձերու կողմէ։

Վեհափառը Լոնտոնէն հասած է Ամման եւ Կիրակի օր անկէ մեկնած է Երուսաղէմ, ընկերակցութեամբ Հայաստանէն՝ Հայկազուն եպիսկոպոսի եւ վարդապետի մը։ Վազգէն կաթողիկոսին հետ Երուսաղէմ մեկնած են նաեւ հինգ Եպիսկոպոսներ Նիւ Եորքէն, Գալիֆորնիայէն, Արժանթինէն, Ֆրանսայէն եւ Պէյրութէն։ Վազգէն Ա. Երուսաղէմի մէջ ողջունուած է նահանգի կուսակալին կողմէ, որ յանուն Հիւսէյին թագաւորին, բարի գալուստ մաղթած է Վեհին։ Վեհափառը ապա անցած է Սիոնի դռնէն մինչեւ հայոց Ս. Յակոբայ տաճարը գորգերով ծածկուած փողոցներէն։ Երբ վեհը վանք հասած է, ի նշան բարի գալուստի՝ աղաւնիներ թռցուցած, երեք ոչխարներ մորթուած եւ զանգերը ղօղանջել սկսած են։ Պատրիարքարանի կողմէ Ս. պատարագ մատուցուած է։ Երկուշաբթի օր, մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպում մը ունենալով պարզած է Սուրբ Քաղաքը իր այցելութեան նպատակները։ Ան ըսած է. «Օգոստոս ամսուն, Պօղոս Զ. պապին կողմէ հրատարակուած կոչը՝ Կաթողիկէ եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու միութեան համար, պատմական իրադարձութեանց նշան մըն է։ Հոս եկած եմ, ուխտ մը կատարելու Սուրբ Տեղեաց մէջ եւ հանդիպելու Հիւսէյին թագաւորին, Յորդանանի ժողովուրդին եւ այս երկրի հայ համայնքին։ Նոյնպէս կը փափաքիմ անձամբ գլխաւորել Սուրբ Յակոբի վերանորոգութեանց աշխատանքները, որոնց համար կոչ կþընեմ բոլոր հայերուն, որպէսզի իրենց նպաստը բերեն այս գործին»։ Ապա՝ Վեհափառը լրագրողներու կողմէ հարցապնդուելով եկեղեցիներու միութեան եւ անոր հանդէպ հայաստանեայց եկեղեցիի դիրքին շուրջ՝ յայտարարած է. «Հայ համայնքը Հռոմի եկեղեցիին հետ միութեան իրական փափաք մը ունի, բայց, ասիկա կախուած է Վատիկանի Տիեզերական Ժողովի արդիւնքներէն»։