Սեպտեմբեր 20-ին 30.000 հանդիսատեսներ ներկայ գտնուած են մեծ աշուղին՝ Սայաթ Նովային ծննդեան 250-ամեակին նուիրուած տօնահանդէսին, որ տեղի ունեցած է Երեւանի մարզադաշտին մէջ:
«Երեկոյեան ժամը 7:30 է: Մեծ լուսարձակները, գունաւոր լուսատուները մարզադաշտը կ՛ողողեն լոյսերով: Կը լսուի դերասանուհի Թ. Դեմուրեանին ձայնը, որ կը կարդայ Սիլվա Կապուտիկեանի բանաստեղծութիւն մը։ Քանի մը դերասաններ կը ներկայացնեն մեծ բանաստեղծ-աշուղին կեանքը, անոր գործերուն գեղարուեստական արժէքը, որմէ ետք մարզադաշտին խաղադաշտը «կը վերածուի» 18-րդ դարու Թիֆլիսի շուկայի: Խանութներ, գինետուներ, թէյարաններ, չթի, պտուղի, կանաչեղէնի խանութներ, զանազան արհեստանոցներ: Եւ հին տարազներով այլազգի մարդիկ կը լեցուին շուկան: Տեղ մը կիները եկեղեցիին մօտ ծունկի եկած կ՛աղօթեն, անդին՝ աւանդական զուռնայի հնչիւններուն տակ, պրկուած պարանի մը վրայ կը քալէ լարախաղացը: Շուկայի մէկ մասին մէջ սայլերով ձմերուկ բերած են եւ կը գովեն իրենց ապրանքը, ուրիշներ էշերու վրայ նստած՝ իրենց մածունին գովքը կ՛ընեն, անհոգ մարդիկ կառքերու վրայ նստած՝ քէֆ կ՛ընեն, մէկը նարտի կը խաղայ, միւսը նարկիլէ կը ծխէ: «Հին Թիֆլիսի շուկան եռուզեռի մէջ է: Եւ ահա հեռուէն կը լսուի ուղտերու կարաւանին ձայնը: Միալար կը հնչեն զանգակները: Կը մտնէ հեռու երկիրէն եկած օտար երգիչ մը: Շուկայապետը կը յայտարարէ ամբոխին, որ օտար երկրէ եկած երգիչը կ՛ուզէ տեսնել եւ մրցիլ մեծ աշուղ Սայաթի հետ: Լուրը կը խանդավառէ բոլորը»: Մրցորդ երկու աշուղները կ՛երգեն: Սայաթ Նովա, անշուշտ, կը շահի եւ ժողովուրդը կը ծափահարէ խելայեղ: Իրարու ետեւէ շուկայ կու գան զանազան աշուղներ, ժողովրդական նուագարաններէ կազմուած նուագախումբ մը: Աշուղին երգերուն զմայլանքին տակ, պատըշգամ կ՛ելլէ Բ. թագաւորին աղջիկը՝ Աննան ու կը սկսի սիրերգներու զուգերգները: Պատկերը քիչ ետք կը փոխուի: Շուկային մէջ կը յայտնուին արքայական մունետիկները, որոնք կը յայտնեն թագաւորին փափաքը՝ Սայաթ Նովա ներկայանայ պալատ: «Բայց Սայաթը երկար չմնաց պալատին մէջ: Առանց ժողովուրդին՝ չէր կրնար ապրիլ»: Վերջացած է յայտագիրին առաջին մասը: Կարճ դադարէ մը ետք բեմ կը բարձրանան հայ եւ օտար ծանօթ երգիչներ, երգչուհիներ, ոմանք կ՛երգեն Սայաթ Նովայի երգերը, ուրիշներ՝ «Մոսկուայի կրակները» երգը եւ այլն: