Քսան հայ ուսուցիչ եւ ուսուցչուհիներ, Միջին եւ Մերձաւոր Արեւելքի զանազան երկիրներէ եկած, բախտը ունեցան ամսուան մը մանկավարժական վարժընթացքի հետեւելու Սեւրի Մանկավարժական Միջազգային Կեդրոնին մէջ։
Ճամբորդութեան եւ ապրուստի բոլոր ծախսերը հոգացին Գալուստ Կիւլպէնկեան հաստատութիւնը եւ ֆրանսական կառավարութիւնը։ Վարժընթացքը սկսաւ Սեպտեմբեր չորսին եւ վերջացաւ Հոկտեմբեր չորսին։ Ուսուցիչները հետեւեցան հետաքրքրական դասախօսութիւններու, մասնակցեցան պտոյտներու եւ այցելութիւններու, որոնք ընդլայնեցին մտքի հորիզոնը եւ հնարաւորութիւն տուին աւելի ձեռնհասօրէն կատարելու ֆրանսերէնի ուսուցիչի մեր պարտականութիւնը։ Սեւրի Մանկավարժական միջազգային կեդրոնի բոլոր աշխատողները վերաբերուեցան գուրգուրանքի հասնող սիրալիրութեամբ։ Ամսուան մը կեանքը լեցուն եղաւ օգտակար եւ հաճելի աշխատանքով ու զուարճութեամբ։ Առիթ ունեցան մօտէն շփում հաստատելու ֆրանսական մշակոյթի լաւագոյն ծառայողներուն հետ, լսեցին իրենց առջեւ դրուած հարցերու մասին, ունեցան կարծիքի փոխանակութիւններ։ Այս վարժընթացքը առիթ մը եղաւ նաեւ սերտ կապեր հաստատելու ուրիշ երկիրներէ եկած ուսուցիչներու՝ յատկապէս Ճափոնի եւ Փորթուկալի ներկայացուցիչներուն հետ։ Միցազգային առողջ յարաբերութիւններու եւ մարդկային ազնիւ զգացումներու արտայայտութեան գեղեցիկ առիթ մը եղաւ ասիկա։ Անմոռանալի պիտի մնայ մանաւանդ գեղարուեստական այն երեկոյթը, որ տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 23-ին։ Պաշտօնական ընթրիքէն ետք, որուն ընթացքին ճառեր ար- տասանուեցան, սկսաւ բուն երեկոյթը։ Ներկայ էին նաեւ հիւրեր, որոնց կարգին պրն. Ժորժ Կիւլպէնկեան։ Եւ Սեւրի Սամուէլ Մուրատեան վարժարանի տեսուչը՝ Հ. Սերովբէ վրդ. Ագըլեան։ Յայտագրին մաս կը կազմէին ճափոնական եւ հայկական երգեր, հայկական պար մը, Վահան Թէքէեանի բանաստեղծութիւններու թարգմանութեան ընթերցումը, հաճելի պատմութիւններ, հայ ուսուցիչի մը ֆրանսերէն լեզուով գրուած վէպէն հատուածի մը ընթերցումը, եւայլն։