Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան նախաձեռնութեամբ եւ Անգլիոյ կրթական նախարարութեան կազմակերպութեամբ՝ Սփիւռքի հայկական նախակրթարաններու եւ երկրորդական վարժարաններու անօրէնները, վերջերս այցելեցին Անգլիա, մօտէն գաղափար մը կազմելու համար Անգլիոյ վարժարաններու ուսուցման մեթոտներու մասին։

Հայ տնօրէնները նախ Լոնտոնի մէջ ներկայ եղան Անգլիոյ կրթական նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած երկու դասախօսութիւններու, որոնց նիւթն էր «Կրթութիւնը Անգլիոյ մէջ»։ Ապա՝ մեկնեցան Վէլզ, ուր մօտէն հետեւեցան տեղւոյն նախակրթարաններու եւ միջնակարգ վարժարաններու կարգ ու սարքին, ինչպէս նաեւ շահեկան դասախօսութիւններու։ Ետքէն մեկնեցան Լիտզ, ուր դարձեալ այցելեցին զանազան վարժարաններ։ Լիտզ համալսարանի դասախօսները դասախօսեցին՝ «Անգլերէնը որպէս երկրորդական լեզու»՝ ուսուցանելու շուրջ։ Հայ տնօրէնները այցելեցին նաեւ՝ Օքսֆորտ եւ Շէյքսփիրի ծննդավայրը Սթրատֆորտ ան Էվըն։ Սեպտեմբեր 25-ին, Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը իր Լոնտոնի կեդրոնին մէջ, հայ տնօրէններուն ի պատիւ կազմակերպեց երեկոյթ մը, ուր ներկայ գտնուեցան կրթական մարզէն երեւելի դէմքեր։ Հայ տնօրէնները, իրենց շրջագայութեան ընթացքին, այցելեցին Մանչեսթըրի հայոց եկեղեցին եւ իրենց մասնակցութիւնը բերին պատարագի երգեցողութեանց։ Լոնտոնի մէջ այցելեցին «Հայ Տունը» եւ հայոց եկեղեցին։ Սեպտեմբեր 27-ին, «Հայ Տան» մշակութային յանձնախումբը, հայ տնօրէնները հրաւիրեց վիճաբանական հաւաքոյթի մը։ Վիճաբանութեան նիւթն էր «Սփիւռքահայ գրողը կրնա՞յ յարատեւել»։ Ներկայ հասարակութիւնը առիթը ունեցաւ տեսնելու եւ լսելու Սփիւռքի զանազան վարժարաններու տնօրէնները։ Գնահատանքի արժանի է Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը, որ նախաձեռնարկ եղաւ այս ազգօգուտ գործին։