Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Գրասէր դասախօսներու եւ բանասէր ուսանողներու մասնակցութեամբ կազմակերպուած են երեկոներ՝ նուիրուած Սայաթ Նովայի ծննդեան 250ամեակին։

Մեծ բանաստեղծին յոբելեանին առթիւ հաստատուած է մրցանակաբաշխութիւն մը լաւագոյն քերթուածներու եւ պատմուածքներու համար։ Յատուկ քննիչ յանձնախումբ մը պիտի որոշէ լաւագոյն գործերը։ Հոկտեմբերի սկիզբները, համալսարանի մեծ սրահին մէջ տեղի պիտի ունենան հանդիսաւոր նիստեր, ուր Սայաթ Նովայի գործին եւ անձին մասին վերլուծումներ պիտի ընեն աշուղական արուեստի մասնագէտ մտաւորականներ։

Այս տարի, պետութեան եւ քահաւաքի նախապատրաստական աշխատանքները լաւ են, այսուհանդերձ, ըստ «Սով. Հայաստան»ի Սեպտեմբեր 17-ի խմբագրականին, բաւական մեծ թիւով կոլտնտեսութիւններ դեռ հարկ եղած ձեւով նախապատրաստական միջոցներ ձեռք չեն առած։ Շատ մը վայրերու մէջ, կը գրէ թերթը, «արհամարհական վերաբերում գոյութիւն ունի արդի թեքնիկին նկատմամբ։ Այդ է պատճառը, որ մինչեւ այսօր բամպակահաւաք մեքենաներուն մեծ մասը չէ նորոգուած, իսկ մէկ մասն ալ կը մնայ բաց երկինքին տակ ու կը փճանայ»։


Ս
եպտեմբեր
22-ին, «Ալմաստ»ի ներկայացու
մով բացուած է Երեւանի Օփերայի նոր եղանակը։ Այս նոր շրջանի յայտագրին մաս կը կազմեն Այվազեանի «Մորկանի խնամին»՝ ըստ Ալ. Շիրվանզադէի համանուն վէպին, Ալ. Յարութիւնեանի «Սայաթ Նովա»ն, Վերտիի «Մակպեթ»ը, Տոնիցեթթիի «Լուչիա Տէ լամերմուր»ը՝ ըստ Ուալթըր Սքոթի «Լամերմուրի հարսնացուն», վէպին, Ռախմանինովի «Ալեկօ»ն, Փուչչինիի «Ճիաննի Սքիքքի»ն, Մոցարթի «Թատրոնի տնօրէնը» Ռալէլի «Սպանական ժամ»ը օփերաները։


Հ
այ արուեստագէտներ մաս կազմած են
Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդային երաժշտական հանդիսութեանց։ Համերգներու ընթացքին նուագուած են Միրզոյեանի համա-                 նուագը լարային նուագախումբի համար, Արամ Խաչատուրեանի սուիթը՝ «Գայիանէ» բեմապարէն եւ դաշնակի քոնչերթոն։