Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Գոքինիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղը այս տարի  եւս կազմակերպեց ամառուան վոլէյ պոլի իր ներքին մրցաշարքը, մեծ եռուզեռ ստեղծելով մեր շրջանի հայրենակիցներուն մօտ։

Ամառուան այս մրցաշարքը նոր չէ։ Տարիներու աւանդութիւն մըն է, որ կը շարունակուի ամէն տարի՝ միշտ լաւագոյն հիմերու վրայ։ Իսկապէս գնահատելի է Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարչութիւնը, որ այս տարուան բացառիկ դժուարութիւնները դիմագրաւելով՝ այս տարի եւս կամզակերպեց այս մրցաշարքը, խոր գիտակցութիւնը ունենալով իր ուսերուն վրայ դրուած տարիներու աւանդութիւնը։ Աթլեթական գոհացում տալէ աւելի ազգային նպաստակներ հետապնդող այս ձեռնարկը պէտք եղած հասկացողութիւնը գտած է մեր հայրենակիցներուն մօտ, որոնք հայապահպանման գործ մը նկատելով զայն, կուգան զայն քաջալերել եւ հայկական շրջանակի մէջ հաճելի երեկոյ մը անցնել՝ այն գոհունակութիւնը ունենալով՝ թէ այս կերպով սատարած կþըլլան Հ.Մ.Ը.Մ.ի վսեմ նպատակին։ Այս տարուան լաւագոյն խումբերը հանդիսացող Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ Սկաուտներու խումբերը Ուրբաթ 27 Սեպտեմբերի երեկոյեան ունեցան իրենց վերջին հանդիպումը՝ տիրանալու համար տրամադրուած բաժակին։ Յաղթական ելաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի խումբը։ Այս տարուան բաժակը տրամադրած էին Գոքինիոյ նախկին բնակիչներէն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղի գործօն անդամներէն ներկայիս Ամերիկայի Լոս Անճելէս քաղաքը հաստատուած Յակոբ եւ Հրայր Արշակունի եղբայրները, զաւակները՝ տքթ. Ե. Արշակունիի։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կողմէ եղբ. Կ. Մինասեան քանի մը խօսքով պարզելէ վերջ նպատակը այս մրցումներուն, հրաւիրեց մեր սիրելի տոքթորը, որ իր զաւակներուն կողմէ բաժակը յանձնէ յաղթական խումբին։ Յարգելի տոքթորը յայտնելէ վերջ թէ՝ իր զաւակները միշտ կարօտով կը վերյիշեն այս սրահէն ներս իրենց անցուցած կեանքը, փափաք յայտնած են, որ այս տարուան բաժակը իրենք տրամադրեն։ Թելադրական քանի մը խօսքեր ուղղելէ վերջ երիտասարդներուն, որ գան ու խմբուին Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշին տակ, պարտուած խումբին խմբապետը հրաւիրեց եւ յանձնեց բաժակը։