Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Յառաջդիմական կուսակցութեան պետ պրն.  Սփիրոս Մարքեզինիս վարչապետարան այցելելով տեսակցեցաւ վարչապետ պրն. Մավրոմիխալիսի հետ։

Տեսակցութենէն ետք, որ տեւեց կէս ժամ, վարչապետը լրագրողներուն յայտարարեց թէ՝ քանի որ Կեդրոնի Միութեան եւ ԷՏԱի կուսակցութիւնները իրենց նախաձեռնութեամբ ուզած էին իր հետ տեսնուիլ եւ իրենց տեսակէտները պարզել, ինք խորհած է որ, բոլորին «հաւասար աչքով» նայած ըլլալու համար, պէտք է քաղաքական միւս ղեկավարներուն ալ տեսակէտնրեը լսէր։ Ուստի, նախաձեռնարկ  ըլլալով՝ իր մօտ հրաւիրած էր պրն. Մարքեզինիսը։ Յաջորդաբար պիտի տեսակցի նաեւ ԷՌԷի պետ պրն. Գարամանլիսի հետ (հաւանաբար այսօր)։ Պրն Մավրոմիխալիս ըսաւ՝ թէ կուսակցութեանց պետերուն հետ իր այս տեսակցութեանց նպատակն է անոնց տեսակէտները իմանալ, որպէսզի ընտրութիւնները լաւագոյն կերպով կատարելու համար կառավարութիւնը վերջնական որոշումներ տայ։ Կառավարութիւնը իր այդ որոշումները պիտի հաղորդէ այս շաբթուան ընթացքին։ Պրն. Մարքեզինիս մերժեց իր տեսակցութեան մասին մանրամասնութիւններ հաղորդել։ Միայն ըսաւ թէ՝ ոչ մէկ պահանջ ներկայացուցած է վարչապետին ու Նոյեմբեր 4-ին կը սպասէ, իր ըսելիքը ըսելու համար։

Օդային գծով Աթէնք ժամանեց նախագահ  Քենէտիի տիկինը՝ Ճաքի, որ օդանաւակայանին մէջ ընդունուեցաւ իր քրոջ՝ իշխանուհի Ռաճիվիլի, Միացեալ Նահանգներու Աթէնքի դեսպան պրն. Լամպուիսի, արտաքին գործոց նախարարութեան փրոթոքոլի ճիւղի պետ պրն. Քունտուրիոթիսի եւ այլոց կողմէ։ Տիկին Ճաքի Քենէտի Յունաստան բնակութեան ընթացքին  զբօսապտոյտներ պիտի կատարէ պրն. Օնասիսի «Խրիսթինա» զբօսանաւով։ Տիկին Ճաքի 15 օր պիտի մնայ Քավուրի ամարանոցը՝ ծանօթ նաւապետ պրն. Նոմիքոսի ապարանքին մէջ։