Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Յունաստանի Կեդրոնի Միութեան պետ պրն. Փաբանտրէու այցելեց վարչապետ պրն. Մավրոմիխալիսին, որուն հետ խօսեցաւ շուրջ մէկ ժամ։

Տեսակցութենէն վերջ պրն. Փաբանտրէու յայտարարեց՝ թէ վարչապետին պարզած է կարգ մը միջոցառումներ, որոնք իր կարծիքով պէտք է ձեռք առնուին ապա ընտրութիւններ կատարելու համար։ Պրն. Փաբանտրէու շեշտեց թէ՝ պրն. վարչապետին մօտ բացարձակ պատրաստակամութիւն նկատած է։ Աւելցուց թէ՝ դժուարութիւններ թէեւ շատ կան, բայց, անկեղծ առաջադրանքը իրողութիւն է։ Կեդրոնի Միութեան պետը ըսաւ թէ ընտրութեանց յետաձգման մասին խօսք չէ ըրած վարչապետին։ Պրն. Փաբանտրէուէն վերջ, վարչապետ պրն. Մավրոմիխալիսին այցելեցին ԷՏԱ-ի (ձախերու) ներկայացուցիչներէն պրն. Իլիու, Իլիոբուլոս եւ Էվանկելիտիս, որոնք Ապահովութեան Մարմիններու, կէս-պետական կազմակերպութիւններու, սահմանամերձ շրջանները իրենց թեկնածուներու այցելութեան ինչպէս նաեւ հրապարակային հաւաքոյթներու եւ թռուցիկներու մասին իրենց տեսակէտները պարզեցին։ ԷՏԱ-ի ներկայացուցիչները պրն. Մավրոմիխալիսին յանձնեցին մանրամասն նոթ մը, զոր վարչապետը խոստացաւ ուսումնասիրել։ Ազգային Արմատական Միութեան պետ պրն. Գարամանլիս նախընտրական պայքարի պիտի  սկսի այս շաբաթուընէ։ Կիրակի օր, պիտի խօսի Թեսաղոնիկէի մէջ։ Երկուշաբթի օրուընէ պիտի շրջի Արեւմտեան Մակեդոնիա։ Շրջապտոյտը պիտի տեւէ երեք օր։ Չորեքշաբթի իրիկուն պիտի վերադառնայ Աթէնք։ Շաբթուան վերջը՝ պիտի մեկնի Աթէնքէն՝ շրջապտոյտ կատարելու համար Արեւելեան Մակեդոնիոյ, Թրակիոյ եւ Եգէականի կղզիներուն մէջ։

Օդային գիծով Աթէնք ժամանեց ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար պրն. Տիրք Սթիքէր, որ խօսակցութիւններ պիտի ունենայ արտաքին գործոց, համադրական եւ պաշտպանութեան նախարարներուն ինչպէս նաեւ՝ Ազգային Պաշտպանութեան ընդհ. Սպայակոյտի պետին հետ տնտեսական եւ պաշտպանողական հարցերու շուրջ։