Աթէնքի Համազգայինի վարչութիւնը, օգտուելով երիտասարդ մտաւորական ու գրագէտ պրն. Պօղոս Սնապեանի քաղաքս այցելութենէն՝ գովելի գաղափարը ունեցած էր հայահոծ երկու շրջաններու՝ Ֆիքսի եւ Գոքինիոյ մէջ կազմակերպելու զոյգ մը դասախօսութիւններ։
Առաջին դասախօսութեան առանցքը կը կազմէր մեր բանաստեղծութեան կաղնիներէն տարբախտ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցը։ Դասախօսը՝ իր շօշափած նիւթին վաւերականութիւն ու ճշգրիտ մեկնաբանութիւն տալու համար, Չարենցը եւ իր գրականութիւնը ներկայացուց հեղինակին իսկ գրչով՝ ասկէ՝ իր դասախօսութեան նիւթը՝ «Չարենցը՝ Չարենցի մասին»։ Չարենց մեր գրականութեան մէջ կը յայտնուի չորս շրջաններով։ Առաջինը՝ նախախորհրդային շրջան։ Երկրորդը Հայաստանի անկախութեան շրջանն է, երբ Չարենցի գրական տաղանդը կը յայտնաբերուի Նիկոլ Աղբալեանի կողմէ, որուն բացառիկ հովանաւորութիւնը կը վայելէ։ Չարենց իր մէկ բանաստեղծութեան մէջ յիշած է այս պարագան։ Սակայն, խորհրդային գրաքննութիւնը, Չարենցի գործերու յաջորդական հրատարակութեանց մէջ, ջնջած է Աղբալեանի անունը եւ անոր տեղ գրած՝ «մի լուրջ քննադատ» բառերը։ Երրորդը՝ Հայաստանի խորհրդայնացումէն մինչեւ 1932ի շրջանն է, որուն ընթացքին, Չարենց մէկ կողմ կը դնէ հայրենի քնարը եւ իր տուրքը կուտայ համայնավարութեան փառաբանութեան։ Այս շրջանի իր գրական վաստակը զուրկ է բանաստեղծական տուեալներէ։ Անոնց մէջ չենք գտներ բանաստեղծական վերասլաց թռիչք, երեւակայութիւն գեղեցիկ պատկերներ ու գիւտեր։ Այս շրջանէն ետքն է, որ Չարենց անդրադառնալով իր անցեալի գրական վաստակին, իր իսկ բերնով զայն կը նկատէ ամուլ եւ անշահ։ Չորրորդ շրջանը 1932էն մինչեւ իր եղերական վախճանի շրջանն է։ Չարենցի մօտ կատարուած է ակնբախ հոգեփոխութիւն։ Դարձած է դէպի ազգային գիծ։ Պ. Սնապեանի դասախօսութեան ընթացքին, օր. Սոնա Պէօրէքճեան արտասանեց Չարենցի «Սոմա» քերթուածը՝ ապրումով եւ խոր հասկացողութեամբ։ Դասախօսութենէն ետք եղան հարցումներ, որոնց պատասխանեց պրն. Սնապեան։