Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Կեսարիայէն կը գրեն Պոլսոյ «Մարմարա» թերթին.- Սուրբ Եղիա Մարգարէի տօնախըմբութեան առթիւ, եղած հրաւէրին վրայ, մեր եռանդուն հոգեւոր հովիւ Հայկազուն Ա. քահանայ Կարապետեան Մայիս 27-ի Շաբաթ օրը 30 ուղեկիցներու հետ ուխտագնացութիւն մը կատարեց Պիւնիան գիւղաքաղաքէն երեք ժամ դէպի արեւելք,

բարձր լերան մը գագաթը գտնուող Կիկի գիւղէն աւելի բարձր Զօրութիւն կոչուող լերան կատարին մօտ, Գուրպան Չեշմէի (Մատաղի աղբիւր) անուանուած վայրը: Աւանդութեան համաձայն, այդ Զօրութիւն լերան գագաթին վրայ ժամանակին կը գտնուէր քարաշէն մատուռ մը, ուր Ս. Եղիայի տօնախմբութեան առթիւ ոչխարներ մատաղ կÿըլլային եւ հանդիսաւոր պատարագ կը մատուցուի եղեր: Այս սովորութեան համաձայն, Կիկի գիւղի բարձունքը ապրող եւ երեսուն ընտանիքէ բաղկացող երկրագործ ժողովուրդը մատաղի զենումով ամէն տարի զոհ կը մատուցանէ Մատաղի աղբիւրին քով, ամէն մէկ տուն իր կարողութեան չափով: Տէր հայրը եւ հետեւորդները Շաբաթ կէսօրին գիւղ հասնելով՝ սիրալիր կերպով դիմաւորուեցան եւ մասնաւորներու բնակարանները հիւրընկալուեցան: Յաջորդ առտու, Կիրակի կանուխէն, գիւղին ամբողջ ժողովուրդը եւ հիւրերը բարձրացան հեռաւոր լեռը, մէկուկէս ժամէն: Հոն, Մատաղի աղբիւրին մօտ, պատրաստ կեցած էր ոչխարի հօտ մը, որուն մէջէն ուխտաւորները զատեցին քսան հատ մատաղցու ոչխարներ եւ գառնուկներ եւ ժողովուրդին շրջանակին մէջ առնելով զանոնք՝ կատարուեցաւ աղօրհնութիւն եւ մատաղցու անասուններու զենում, հոգեհանգստեան շարականներով՝ խորհրդաւոր մթնոլորտի մը մէջ: Երեկոյեան, պատրաստ էին ձաւարը եւ միսերը, զորս ճաշակեցին նաեւ 250-է աւելի դրացի թուրք հայրենակիցներ, որոնք եկած էին «ուխտերնիդ ընդունակ ըլլայ» ըսելու: Երեկոյեան,  խմբովին իջանք գիւղ, ճամբուն վրայ գտնուող գերեզմանատան մէջ հանգչողներուն եւ հանգուցեալ տէր Մարգար քհն. Յովհաննէսեանի հողակոյտերուն վրայ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարելէ ետք: