Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Վերջերս թրքական թերթեր շատ կը զբաղին  Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններով, մանաւանդ՝ հայերով: Պոլսոյ «Սոն Հաւատիս» թերթին մէջ Հ. Տենիզ ատենէ մը ի վեր գրի կ՛առնէ Մուսթաֆա Քեմալի մասին անտիպ յուշեր:

Թերթի վերջին թիւին մէջ հետեւեալ դրուագը կը պատմէ: Գիշեր մը օսմանեան գահաժառանգ Վահիտէտտին եւ Մուսթաֆա Քեմալ Ալզասի կուսակալին ապարանքը հրաւիրուած էին: Ատեն մը վերջ Վահիտէտտին Մուսթաֆա Քեմալը իր սեղանը կանչած էր եւ՝ Ալզասի կուսակալին ըսած. - Ահաւասիկ քովս կը գտնուի ճակատները գտնուող հրամանատար մը. եթէ կ՛ուզէք, զինք ալ ունկնդրեցէք: Մուսթաֆա Քեմալ հետաքրքրուելով հարցուցած է Վահիտէտտինի թէ՝ ի՞նչ է խնդիրը: - Հայերը…- պատասխանած է գահաժառանգ իշխանը: Գերման կուսակալը խօսած էր իր լսած այն եղերական հալածանքներու մասին, որոնք ի գործ կը դրուէին հայերու հանդէպ եւ ըսած էր, թէ հայերը այդպիսի հալածանքներու պէտք չէ ենթարկուին: Մուսթաֆա Քեմալ գերման կուսակալին այդ արտայայտութիւններէն երբեք գոհ մնացած չէր, որովհետեւ՝ նախ իրենք անոր հիւրերն էին եւ երկրորդ՝ Վահիտէտտին Թուրքիոյ ապագայ թագաւորն էր, անոր հետ նման խօսակցութիւն մը ունենալ եւ հայերը պաշտպանել անհեթեթ բան մըն էր: Մուսթաֆա Քեմալ, որ ջղայնացած երեւոյթ մը ունէր, գերման կուսակալին հետեւեալ պատասխանը տուաւ. - Ինծի զարմանք պատճառեց բարեկամ կուսակալի մը այդ խօսքերը: Նախ կ՛ուզեմ հասկնալ, թէ ի նպաստ հայերու արտայայտուելու այդ գաղափարը ուրկէ՞ կու գայ: Անոնք՝ հայերը կը ջանան խաբել աշխարհը՝ պնդելով, թէ պատմութեան չեմ գիտեր ո՛ր շրջանին իրենք գոյութիւն ունեցած են: Մուսթաֆա Քեմալ հեգնանքով ընդունած է գերման կուսակալին խօսքերը եւ՝ զարմանք յայտնած, որ Թուրքիոյ ցոյց տուած այնքան մեծ զո- հողութիւններէն ետք, գերման մը տակաւին կրնար մտածել թրքական հողերուն վրայ հայկական պետութիւն մը հիմնելու մասին: