Հաճելիին միացնել օգտակարը։ Ահա թէ ինչ բնորոշում կարելի է տալ Հ.Յ.Դ. Նոր Սերունդի ճամբարի ձեռնարկին, որ ամէն տարի յաջորդաբար տեղի կ'ունենայ Օգոստոս ամսուան ընթացքին, Ֆրանսայի զանազան շրջաններու մէջ։
Երբ այս գործը սկսաւ, շատեր թերահաւատ էին։ Առնուազն՝ փոքր սահմաններու մէջ կը տեսնէին զայն։ Արդարեւ, այն օրերուն, սկզբնական շրջանին, ամէնէն խանդավառ ղեկավարն իսկ չէր կրնար նախատեսել, թէ 10-15 բանակողներով սկսուած ճամբար մը, տարիներ ետք պիտի դառնար ֆրանսահայ գաղութին ամէնէն մեծ, փնտռուած, գնահատուած եւ արդէն նուաճում դարձած գործ մը, որ պատիւ պիտի բերէր Հ.Յ.Դ. երիտասարդութեան ֆրանսահայ հատուածին։ Այս տարուան բանակումը տեղի կ'ունենայ Ատլանտեանի ափին գեղատեսիլ գիւղաքաղաքի մը՝ Լէ Սապլ Տոլէնի մօտերը, ամէն յարմարութիւններով օժտուած շէնքի մը եւ յարակից դաշտին մէջ։ Հ.Յ.Դ. Նոր Սերունդի ճամբարը ամէնէն առաջ կոչուած է լման մէկ ամիս, Ֆրանսայի զանազան շրջաններէն, շատ անգամ ոչ հայահոծ հեռաւոր եւ կորսուած վայրերէն հեռու հաւաքուած երիտասարդներուն ջամբելու հայկական շունչ։ Բանակավայրը դարձնել փոքրիկ Հայաստան մը, ուր հայածին երիտասարդները գտնեն հայկական առողջ եւ մաքուր մթնոլորտ մը։ Եւ հոգեպէս պատուաստուած վերադառնան իրենց շրջանը ու լծուին Նոր Սերունդի շարժումին յաջողութեան։ Ամէն տարի կը պատրաստուի դասախօսական ծրագիր մը, որ կþընդգրկէ ազգային-կուսակցական գոյն եւ բովանդակութիւն ունեցող զոյգ նպատակներ։ Ճամբարի դասախօսը՝ Պօղոս Սնապեան, որ «Բագին»ի խմբագիրներէն է եւ տարիէ մը աւելի Փարիզ կը գտնուի, կը զբաղի բանակողներու հայեցի եւ ազգային դաստիարակութեան գործով։ Դասախօսութիւնները կը շօշափէին հայ լեզուն, գիրերու գիւտը, անոր նշանակութիւնը եւ անդրադարձը մեր մշակոյթին ամրապնդման եւ զարգացման վրայ, պատմութեան մէկ բախտորոշ շրջանը՝ Ոսկեդարը, զանազան մտաւորականներ՝ գրագէտ, հանրային գործիչ, ինչպէս նաեւ կարեւոր թուականներ ու յեղափոխական-ազգային դէմքեր։