Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Խօսքը կը վերաբերի ոչ միայն հանքային  ջուրերու, այլ եւ պաղաջուրերու, որոնք կը ծախուին շիշերու մէջ։ Երեւանի պատմութեան թանգարանի վարիչներէն Ա. Բաբայեան կը գրէ «Երեւան» թերթին մէջ.-

Հայաստան փառաբանուած է իր հանքային եւ բուժական ջուրերով, ինչպէս Արզնին, Ջերմուկը, Դիլիջանը, Սեւանը, եւ այլ ջուրեր, որոնք բուժական համբաւ ունին ու ծանօթ՝ Խորհ. Միութեան եւ արտասահմանի մէջ։ Հայկական ջուրերը ծանօթ էին հին ժամանակներէ ի վեր, բայց օգտագործուած չէին։ 1892-ին Քրիստափոր Քիլանեան (Լաստօ մականուամբ) գործարան մը հիմնած էր Երեւանի մէջ, պատրաստելու համար զովացուցիչ ջուրեր՝ թարմ պտուղներու հիւթով։ Վերջերս Երեւանի պատմութեան թանգարանին նուէր տրուեցան կարգ մը փաստաթուղթեր եւ անձնական իրեղէններ, որոնք կը վերաբերին այդ գործարանին։ Ք. Գիլանեանի զաւակները, Մարգարիտ եւ Հայկ, կարեւոր տեղեկութիւններ հայթայթեցին այդ գործարանին աշխատանքներուն մասին, միաժամանակ պատմեցին թէ գործարանը կը պատրաստէր զովացուցիչ ջուրեր զանազան անուններով։ Գործարանը քանիցս մասնակցած է գիւղատնտեսական ցուցահանդէսներու եւ մրցանակի արժանացած։ 1897-ին, Քիէվի համառուսական ցուցահանդէսին մէջ Երեւանի այս արտադրութիւնները արժանացած են գովասանական վկայաթուղթերու։ 1898-ին, Փրակայի համաշխարհային գիւղատնտեսական ցուցահանդէսին, որու կը մասնակցէին բազմաթիւ արտասահմանեան երկիրներ, Երեւանի արտադրութիւնները գրաւած են առաջնութիւնը եւ ստացած ոսկեայ շքանշան։ Այժմ բոլոր այս իրեղէնները եւ վաւերաթուղթերը կը գտնուին Երեւանի թանգարանը՝ համապատասխան բաժնին մէջ։

Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է վաստակաւոր դերասան Արամ Ռշտունի (Բերոյեան)։ Ծնած էր 1888-ին, Թիֆլիզ։ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք ան եղած էր Լենինականի Մռաւեան պետական թատրոնի հիմնադիրներէն եւ 1938-ին արժանացած էր վաստակաւոր արուսետագէտի կոչման։