Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Ֆրանսական «Ֆիկարօ» եւ «Ֆրանս-Սուար» մասնաւոր հետաքրքրութեամբ արձագանգ կը հանդիսանան ողբերգութեան մը: Ի՞նչ է պատահածը: Պատմութիւնը կը քաղենք ֆրանսական թերթերէն:

«Ֆիկարօ» կը գրէ ուրեմն, թէ Ուրբաթ օր երկու հոգի հասած են Օրլի, ուղղակի Թեհրանէն, առանց անցագրի, առանց պայուսակի, առանց դրամի, միայն արտօնագիրով մը, զոր Թեհրանի ֆրանսական դեսպանատունը տուած է, որպէսզի «ազգային հողամաս» վերադառնան, ինչպէս կը շեշտէ «Ֆիկարօ»: Տարի մը առաջ, կը շարունակէ մեր պաշտօնակիցը, անոնք անցած էին խորհրդային սահմանը: Մէկը՝ Լէոն Հազարեան, ծնած է 1932-ին, Լա Սիսթա (Պուշ տը Ռոն), միւսը՝ Ֆրանսուա Պալեան, ծնած՝ Մարսէյ, 1927-ին, երկուքն ալ՝ հայ ծնողքէ, 16 տարի ապրած են բռնութեան տակ, Երեւան, Հայաստանի մայրաքաղաքը. ինչո՞ւ մեկնած էին Ֆրանսայէն, երիտասարդ տարիքի մէջ, երբ ամէն ինչ զիրենք կը կապէր երկրին, կը հարցնէ «Ֆիկարօ», որ կը շարունակէ. «Արցունքներով, իրենց կոկորդին մէջ, պատմեցին իրենց ընտանիքին ողբերգութիւնը, որ ողբերգութիւնն է իրենց բազմաթիւ հայրենակիցներուն՝ խաբուած քարոզչութենէն: Իրենց ծնողքը, Ֆրանսա ապաստանած 1925-ին, հետեւելով որոշ քարոզչութեան մը, 1947-ին Խորհրդային Միութիւն մեկնած էին՝ միասին տանելով իրենց զաւակները: Այս վերջինները, զանազան դիմումներ ընելէ ետք իրենց «հայրենադարձը» ապահովելու համար, կու տան ծանր որոշումը, փախչիլ: Որոշեալ օրը բեռնատար կառք մը կը գտնեն եւ կիրով կը լեցնեն՝ ծանրութիւնը հաւասարակշռելու համար եւ ազատութեան մեքենան կը քշեն սահմանէն անդին՝ խորհրդային պահակազօրքին հրացանաձգութեան տակ: Տարի մըն է արդէն, որովհետեւ Թեհրանի մէջ երկար դիմումներ անհրաժեշտ եղած են, մինչեւ որ կարենան Ֆրանսայի ճամբան գտնել»: «Ֆիկարօ» իր եզրակացութեան մէջ դառնութեամբ կը գրէ. «Անձրեւի տեղատարափը սաստկացած էր, երբ երկու փախըստականները, թեթեւ հագուած, իրենք զիրենք գտան, գիշերը, Փարիզի կարծր մայթին վրայ: Որովհետեւ որքան ալ անմիտ թուի, պաշտօնական կազմակերպութիւնները այս պարագային ապշեցուցիչ անտարբերութիւն մը ցոյց տուին»: