Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Գարէայէն եւ Ֆիքսէն վերջ, Գոքինիոյ «Զաւարեան» վարժարանի բակին մէջ, մեծ թիւով երիտասարդներու եւ մարզասէր ազգայիններու ներկայութեան՝ տեղի ունեցաւ Արժանթինի Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներու, արենոյշներու եւ գայլիկներու բանակումի կեանքէն առնուած ժապաւէնի ցուցադրութիւնը։

Ներկայ էին նաեւ՝ Կիպրոսի սկաուտներու պետ եղբայր Յարութիւն Անմահունի եւ Սամոս եւ Իքարիա կղզիներու հելլէն սկաուտական խումբերու խնամակալ եղբայր Կիրակոս Պասմաճեան։ Նախ քան ժապաւէնի ցուցադրութիւնը, նախկին յունահայ եւ ներկայիս արժանթինահայ եւ այնտեղի Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներու ընդհ. պետ եղբ. Կարպիս Տէր Մեսրոպեան տեղեկութիւններ տուաւ արժանթինահայութեան կեանքէն։ Ապա՝ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ երկար տարիներ ետք կրկին կը գտնուի այն յարկին տակ՝ ուր ապրած է իր սկաուտական կեանքը։ Ըսաւ թէ իրեն համար մեծագոյն հաճոյքն է տեսնել, որ իր ձգած գայլիկները եւ սկաուտները այսօր պատասխանատու սկաուտ խմբապետներ են Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գոքինիոյ խումբին։ Այս պատեհ առիթով՝ Գոքինիոյ եւ Ֆիքսի սկաուտական խումբերու ժրաջան եւ համեստ խմբապետ եղբ. Պերճ Գրիգորեանին կուրծքէն կախեց յիշատակի սկաուտական պէճ մը, ներկաներու բուռն ու խանդավառ ծափերուն մէջ։ Եղբ. Պերճ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց եւ ըսաւ որ, իր սկաուտական գործին յաջողութիւնը կը պարտի իր անմիջական աստիճանաւոր գործակիցներուն։ Հուսկ ուրեմն սկաւ ժապաւէնի ցուցադրութիւնը, որու ընթացքին եղբ. Կարպիս Տէր Մեսրոպեան տուաւ ամփոփ լուսաբանութիւններ։ Ժապաւէնը քաշուած է Արժանթինի մայրաքաղաքէն 450 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական բանակավայրին մէջ, որ սիրայօժար տրամադրուած է արժանթինեան իշխանութեանց կողմէ։  Այս ժապաւէնի ցուցադրութենէն եւ տրուած բացատրութիւններէն ի յայտ եկաւ որ, Արժանթինի Հ.Մ.Ը.Մ.ը՝ ամէնէն լաւ կազմակերպուած եւ կալուածներով ու գոյքերով ամէնէն հարուստ շրջաններէն մէկն է ու կը բոլորէ գործունէութեան բեղուն շրջան մը։