Թեսաղոնիկէի Միջազգային 26-րդ ցուցահանդէսին մօտաւորապէս քսան օտար պետութիւններ ցուցադրած էին իրենց ճարտարարւեստական, երկրագործական եւ այլ արտադրութիւնները: Ցուցահանդէսին մէջ իրենց մեծ կամ փոքր տաղաւարները ունէին Երկաթեայ Վարագոյրի ետին գտնուող բոլոր երկիրները, գլխաւորութեամբ Ռուսիոյ: Անոր անունով Հայաստանն ալ բերած էր իր մասնակցութիւնը: Հայաստան կը մասնակցէր ռուսական բաժինին մէջ: Ռուսիա երկու տարին անգամ մը կը մասնակցի: Օտար պետութիւններէն՝ Ռուսիա գրաւած էր ամէնէն ընդարձակ տեղը, թէ՛ գոց, թէ՛ բաց, լայն դաշտ մը: Բաց տեղին մէջ պարզուած էին՝ Սովիէթ Միութիւնը կազմող 16 հանրապետութեանց ազգային խորհրդանիշը եղող դրօշակները, զատ-զատ ձողերու վրայ: Առաջինին վրայ կը գտնուէր ռուսականը, իսկ երրորդին վրայ՝ հայկականը,- վերը՝ կարմիր, մէջտեղը՝ կապոյտ իսկ վարը՝ բաց կարմիր: Ինչպէս ամէնուն, հայկական դրօշին վրայ ալ կար մուրճ-մանգաղը: Գոց տաղաւարին մէջ կային նուրբ ժամացոյցներ ձեռքի, գրպանի, ճարտարա-պետներու համար նուրբ գործիքներ եւ բժշկութեան վերաբերեալ գործիքներ, որոնց մէջ բաւական թիւով հայկական գործիքներ կային: Գորգի բաժնին մէջ՝ կային շատ մը գորգեր որ Հայաստանէն էին: Խմիչքներու բաժնին մէջ գրեթէ մեծամասնութիւնը հայկական էր: Ռուսերէնին հետ հայերէն մեծ տառերով գրուած էին անոնց անունները. Հայաստան, Յոբելենական, Դուին պիտակներով գոնեակ եւ Արեւշատ, Այգեշատ, Մոսքաթօ գինի:
Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի Արուեստի կաճառը պարբերաբար կը հրատարակէ տարիներու ընթացքին ձայնագրուած եւ կաճառի ձայնադարանին մէջ կուտակուած ժողովրդական երգերու եւ պարի եղանակներու լաւագոյն նմուշները՝ առանձին հատորներով: