Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

-Զահլէի հայութիւնը եւս, իր կարգին, առիթը ունեցաւ վայելելու Համազգայինի թատերախումբը, «Օսքար»-ի ներկայացումով: Արդարեւ, Զահլէի սինեմա «Օփերա»-ի մէջ բեմադրուեցաւ պէյրութահայութեան շատ ծանօթ «Օսքար» կատակերգութիւնը՝ ղեկավարութեամբ վաստակաւոր բեմադրիչ Ժորժ Սարգիսեանի: Ինչպէս միւս ներկայացումներուն, այս անգամ եւս Համազգայինի թատերախումբին դերասանները ցուցադրեցին յաջող խաղարկութիւն մը,

որմէ շատ գոհ մնացին ներկայ հանդիսականները: Աւելորդ պիտի ըլլար անգամ մը եւս յիշել դերակատարները, որոնք անհրաժեշտ բծախնդրութեամբ բեմ բարձրացան եւ հարազատ կերպով վերապրեցուցին «Օսքար»-ի ուրախ մթնոլորտը: Այս գեղեցիկ ձեռնարկը կազմակերպուած էր Զահլէի Օգնութեան խաչին կողմէ, որ կրցած էր այդքան կարճ ժամանակի մէջ լեցնել սրահը: Հոս կ՛ուզենք մատնանշել պարագայ մը: Առաջին անգամն է, որ Համազգայինի թատերախումբը Զահլէի մէջ կը կազմակերպէ թատերական ներկայացում մը, եւ կը յուսանք, որ Զահլէի հայութիւնը ուրիշ առիթներով եւս կարենայ ծափահարել բոլորին կողմէ գնահատուած այս խումբը: Ինչպէս ուրիշ ձեռնարկներ, «Օսքար»-ի ներկայացումն ալ կատարուեցաւ ի գին նիւթական եւ բարոյական զոհողութիւններու: Այս առիթով մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Համազգայինի թատերախումբին եւ անոր ղեկավար Ժորժ Սարգիսեանին, որ հակառակ շատ մը դժուարութիւններու, առանց որեւէ նիւթական վարձատրութեան յաջողցուց Օգնութեան խաչին այս ձեռնարկը: Ներկայացումէն անմիջապէս ետք թատերախումբը իր լրիւ կազմով Օգնութեան խաչին կողմէ Ուատի հրաւիրուեցաւ: Ստեղծուեցաւ զուարթ մթնոլորտ մը:

 

-Եագուպիէի Ս. Աննա եկեղեցւոյ տօնախմբութեան առիթով, Շաբաթ երեկոյ եւ Կիրակի օր կրօնական հոգեպարար արարողութիւններ տեղի ունեցան: Բերիոյ թեմի առաջնորդ Ղեւոնդ արքեպիսկոպոսին կարգադրութեամբ, Շաբաթ կէսօրէն ետք Եագուպիէ մեկնեցաւ Սուրէն աբղ. Գաթարոյեան՝ ընկերակցութեամբ Կարպիս սարկաւագի: Շաբաթ երեկոյեան ժամերգութենէն ետք զենուեցան մատաղցու ոչխարները: