Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Աւստրալիական թերթ մը կը գրէ.- Բազմաթիւ  տարիներէ ի վեր հայերը աչքաբաց եւ ճարպիկ վաճառականի համբաւը ունեցած են: Ներկայիս այնպէս կը թուի, թէ նորէն նոյն դիրքին մէջ են:

Աւստրալիոյ մէջ գտնուող ափ մը հայութիւնը (մօտ 1000 հոգի, որուն կէսը կը բնակի Սիտնիի եւ 200-ը Մելպուռի մէջ) արդէն գլխաւոր յաղթանակ մը տարած է «Ներգաղթի գրասենեակ»-ին մէջ: Այս գրասենեակը ընդառաջելով հայ համայնքի ղեկավարներու խնդրանքին եւ պահանջին՝ թոյլատրած է Գահիրէ ապրող հազարաւոր հայերու ներգաղթը դէպի Աւստրալիա: Մելպուռնի մէջ ապրող հայերը ուրախ են այժմ՝ լսելով կառավարութեան որոշումը: Անոնք ոչ մէկ դժուարութիւն պիտի ունենան գործ գտնելու կամ տեղական լեզուին վարժուելու: Անոնք մեծ դիւրութիւններ ունին օտար լեզուներ սորվելու: Միջին Արեւելքի հայութեան գրեթէ ամբողջութիւնը երեք կամ չորս լեզուներ կը խօսի: Իրենց հոս հաստատուիլը աւելի դիւրին պիտի ըլլայ, մանաւանդ հիմա, երբ Սիտնիի եւ Մելպուռնի հայ համայնքները ունին իրենց եկեղեցիները: Մելպուռնի եկեղեցին մէկ տարի առաջ շինուեցաւ, եւ ըստ անոր անդամներուն, արդէն մեծ ազդեցութիւն գործած է իրենց կեանքին վրայ: Բազմաթիւ հեղինակութիւններ կ՛ըսեն, թէ եկեղեցիի միջոցով է, որ հայերը պահած են իրենց ազգային գիտակցութիւնը, եւ վերջերս անիկա ծառայած է որպէս ազգային միութեան ազդակ՝ աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ ցրուած հայութեան համար:

1 Սեպտեմբեր 1963, կաթողիկոսարանի Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ ստուար թիւով հաւատացեալներու, Խորէն Ա. կաթողիկոս, Ս. պատարագի ընթացքին, «Հայր Մեր»էն առաջ, տպաւորիչ արարողութեամբ, ատեանի չորս կողմերուն վրայ՝ արեւելք, արեւմուտք, հիւսիս եւ հարաւ, վարդապետական չորս աստիճանները տուաւ Մեսրոպ աղբ. Աշճեանի, Մաշտոց աբղ. Յովսէփեանի, Եզնիկ աբղ. Բալայեանի եւ Կորիւն աբղ. Գոճապապեանի, որոնք աւարտած էին իրենց վարդապետական թեզերը: