Ս. Թադէի պատմական վանքին ուխտագնացութիւնը լայն ժողովրդականութիւն գտած է պարսկահայոց մէջ:
Այս տարի եւս Ատրպատականի հայոց թեմակալ առաջնորդ Արսէն վրդ. Աւետիքեանի հովանաւորութեամբ եւ թեմակալ ազգային մարմիններու նախաձեռնութեամբ, Յուլիս 25-ի երեկոյեան բազմահարիւր ուխտաւորներու կարաւանը ճամբայ ելած է Թաւրիզի առաջնորդարանէն եւ Յուլիս 26-ի առաւօտեան հասած է Ս. Թադէի վանքը: Կարգապահութեան հսկողութիւնը յանձն առած են Թաւրիզի հայ արիներն ու արենուշները: Ուխտաւորները շուտով լարած են իրենց վրանները եւ իսկական ու խանդավառ եռուզեռ մը ստեղծուած է: Տաուլ-զուռնայի մասնակցութեամբ սկսած խրախճանքն ու հայկական շուրջպարը տեւած են մինչեւ ուշ գիշեր: Յաջորդ առաւօտ, Յուլիս 27-ին, վանքին մէջ պատարագած է հայր սուրբը եւ խօսած է հոգեշունչ քարոզ մը: Յաւարտ Ս. պատարագի, վանքի պարիսպներուն տակ զենուած են տասնեակ մը մատաղներ: Երեկոյեան տեղի ունեցած է սկաուտական երդման արարողութիւն: Հրապարակային խարոյկին շուրջ բոլորուած են ուխտաւորները: Դրօշակներ պարզած եւ սկաուտական երգը հնչեցնելով՝ արիներն ու արենուշները բարեւի արարողութենէն ետք շարքով կանգնած են խարոյկին մօտ: Հայր սուրբը խօսած է հայ արիներու գործունէութեան անհրաժեշտութեան մասին: «Ալիք» օրաթերթի խմբագիր Պաղտիկ Մինասեան խօսած է Ս. Թադէի վանքի պատմական անցեալին մասին, թէ՝ այդ վանքը եղած է հայոց քաղաքական եւ մշակութային կեանքի արժէքաւոր վայրերէն մէկը, իսկ հայկական վերջին ազատագրական ու յեղափոխական շարժումներու ժամանակ ծառայած է որպէս հանգրուան մեր յեղափոխական գործիչներու եւ երկիր փոխադրուող զինական ու զինատար խումբերուն համար: Այնուհետեւ տեղի ունեցած է երդումը եւ հայր սուրբը երդուեալներուն տուած է սկաուտական նշանն ու թաշկինակը: Արարողութենէն ետք գործադրուած է գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը, որմէ ետք սկսած շուրջպարը տեւած է մինչեւ ուշ գիշեր: Յուլիս 28-ի առաւօտուն վանքին մէջ տեղի ունեցած է մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն եւ մկրտութիւն: