Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

- «Յաղթանակ» հանրային պարտէզին մէջ կը շինուի արուեստական լիճ մը։ Աշխատանքները արդէն աւարտելու վրայ են։ Յառաջիկայ ամիսներուն այս գեղեցիկ վայրին մէջ պիտի ծփան կապուտակ ջուրերը եւ Երեւանցիները կարելիութիւն պիտի ունենան օգտուելու ջուրի եւ արեւի բարիքներէն։ Լիճը պիտի ունենայ մօտ 11.000 քառակուսի մեթր մակերես, իսկ միջին խորութիւնը պիտի ըլլայ 3-4 մեթր։

- Կիրովականի արուեստական թանկագին քարերու գործարանը սկսած է արտադրել նոր տեսակի արտադրութիւն մը, որ պիտի կոչուի Ամետիոս։ Այս թանկարժէք համադրական (սենթեթիկ) քարը բաց մանիշակագոյն է եւ իր կարծրութեամբ ադամանդէն կակուղ չէ։ Այս քարը պիտի գործածուի ժամացոյցի եւ զարդեղէնի արտադրութեան մէջ։

- Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի երկրաբանական գիտութիւններու հիմնարկութեան աշխարհագրական ճիւղին փրոֆ. Ա. Բաղտասարեան ձեռնարկած է Հայաստանի արտադրողական ուժերու  քարտէսը կազմելու աշխատանքներուն։ Քարտէսին կարեւոր մասը կը վերաբերի Հայաստանի բնական եւ տնտեսական հարստութիւններուն։

- Կիրովականի գործարաններէն մէկը սկսած է արտադրել ինքնագրանցող կարգաւորող ելեկտրոնային ելեկտրաշարժիչ ոյժի չափման ինքնաշխատ նոր սարքեր։ Նորաստեղծ սարքերը մեծ ճշգրտութեամբ պիտի որոշեն ջերմութիւն՝ զերոյէն մինչեւ 1600 աստիճան։ Անոնք պիտի օգտագործուին մետաղաձուլական եւ քիմիական արդիւնաբերութեան, ինչպէս նաեւ մեծ ելեկտրակայաններու մէջ։

- Վերջերս Երեւանի մէջ հաստատուած է ինքնաշխատ հեռախօսի կայան մը, որ պիտի սպասարկէ քաղաքի հարաւային թաղամասերուն։ Այժմ նոր հեռախօսի կայաններ պիտի հաստատուին Լենինականի, Մեղրիի, Թալինի եւ այլ քաղաքներու մէջ։