- Ուրախութեամբ կը տեղեկանանք թէ՝ տէր եւ տիկին Յակոբ Պէօրէքճեաններու դուստրը՝ ընկ. Սոնա Պէօրէքճեան, փայլուն յաջողութեամբ աւարտած է Բիրէայի Ժան Տþ Արք ֆրանսական աղջկանց գոլէժի ընթացքը եւ Աթէնքի ֆրանսական էնսթիթիւի գրականութեան ճիւղը, արժանանալով բացառիկ գնահատանքի եւ մրցանակի։ Ընկ. Սոնա երկու վարժարաններուն մէջ ալ առաջին հանդիսացած է։ Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք։
- Օգոստոս 1-ին, Մարաթոնի հովիտին մէջ, արտակարգ շուքով տեղի ունեցաւ Սկաուտական 11-րդ համաշխարհային Ճամբարի բացումը, ի ներկայութեան իշխանուհիներու, Աթէնքի եւ Համայն Յունաստանի արքեպիսկոպոս Խրիսոսթոմոս սրբազանի, նախարարներու, Աթէնքի քաղաքապետին եւ այլ պաշտօնական անձնաւորութեանց ու լրագրողներու։ Մասնաւոր հրաւէրով ներկայ էին նաեւ թեմակալ առաջնորդ սըրբազան հայրը, Տ. Ներսէս Ա. քհնյ. Խոշորեան, Ազգ. Կեդր. Վարչութեան ատենապետ պրն. Ներսէս Յակոբեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. վարչութիւնը եւ աւագ սկաուտ խմբապետ պրն. Լեւոն Գայեան։ Մուտքի դրան մօտ, 86 ազգերու դրօշներու կարգին, հպարտօրէն կը ծածանէր հայկական հսկայ եռագոյնը։ Եռագոյն մըն ալ կը ծածանէր ամփիթատրոնի ետին, միւս դրօշներու կարգին։ Բացումը կատարեց Գահաժառանգ իշխան Կոնստանտինոս։ Ոստիկան զօրաց նուագախումբը հնչեցուց 11-րդ ճամբարի քայլերգը, ապա մէկ վայրկեանի յոտնկայս լռութեամբ յարգուեցաւ Ֆիլիպեան կղզիներու մէջ կորսուած սկաուտներու յիշատակը, որոնք զոհ գացին օդանաւային արկածի։ Ճամբարին կը մասնակցին 86 երկիրներէ 13 հազար սկաուտներ, որոնք կը ներկայացնեն 9 միլիոն սկաուտներ։ Հայ սկաուտներու թիւը 70-ի մօտ է։ 20 հայ սկաուտներ եկած են Ֆրանսայէն՝ ղեկավարութեամբ տոքթ. Մեծատուրեանի, 25 հայ սկաուտներ Լիբանանէն։ Հայ սկաուտներ եկած են նաեւ Միջին Արեւելքի միւս երկիրներէն։ Արժանթինը կը ներկայացնէ սկաուտ խմբապետ պրն. Կարպիս Տէր Մեսրոպեան։