Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Հերոսութեան համահաւասար գործ կարելի է  նկատել Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի նուրեալ տիկիններուն տարած աշխատանքը, մեր գաղութի գոյապահպանման եւ հայապահպանման մարզերուն մէջ։

Անոնք ամէն տեղ են՝ ուր ցաւ կայ, վիշտ կայ եւ արցունք։ Կը հասնին, հոգեկան մխիթարութիւն ու նիւթական աջակցութիւն կ'ընծայեն անխտիր բոլոր տառապողներուն ու կարօտեալներուն, ուրախութիւն եւ լոյս կը պարգեւեն մեր մանուկներուն։ Հ. Կ. Խաչի կատարած բազմաթիւ կարեւոր գործերուն կարգին կարեւորագոյններէն մէկը կարելի է նկատել, ամէն տարի ամրան եղանակին կազմակերպուող կազդուրման կայանը։ Աթէնքէն ոչ շատ հեռու, օդափոխութեան գեղատեսիլ վայրի մը՝ Տրոսիայի մէջ կը գտնուի Հ. Կ. Խաչի կազդուրման կայանը, ծառախիտ անտառի մը խորը։ Հոն է որ Յուլիս ամսուան ընթացքին 50 հայ մանչուկներ Աթէնքի, Ֆիքսի, Գոքինիոյ, Սելանիկի եւ Փաթրասի շրջաններէն եկած են, ֆիզիքական, հոգեկան եւ մտային կազդոյր ստանալու։ Ասոնց պիտի յաջորդեն աւելի մեծ թիւով հայ աղջիկներ։  Վրանաքաղաքը օժտուած է շատ մը յարմարութիւններով։ Լաթէ մեծ ու փոքր վրաններ, նորաձեւ հանգստաւէտ ու մաքուր մահճակալներով։ Քիչ անդին կը տեսնուի ճաշարանը, որ կը փայլի բծախնդիր մաքրութեամբ, կանաչ ներկուած նըստարաններով ու կանաչ լաթէ սեղանի ծածկոցներով։ Մաքրութեան մէջ կը ծփայ խոհանոցն ալ, ուր մեր մայրիկները կը պատրաստեն կերակուրները։ Վերջապէս, ամբողջ վրանաքաղաքը իր մառանով, բաղնիքով եւ այլ բաժիններով կը ներկայացնէ զուարթ պատկեր մը։ Կայանի բոլոր պաշտօնեաները, տնօրէնութեամբ պրն. Օ. Զաքարեանի, կþաշխատին սիրով ու նուիրումով։ Վրանաքաղաքը օժտուած է ելեկտրական լոյսով եւ առատ ջուրով։ Օրուան աշխատանքները կþընթանան կանոնաւոր, յատուկ ժամանակացոյցով։ Օրուան ընթացքին, տղաքը ունին առաւօտեան մարզանք, դրօշակի արարողութիւն, անկողիններու յարդարում, ապա՝ ննջարաններու քննութիւն, ներքին աշխատանքներ, հաւաքոյթներ, հանգիստի ժամեր, ազատ ժամ, ազատ խաղեր, եկեղեցական արարողութիւն եւայլն։

(Շար. 1)