Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

«Մարզասէր»ը շարունակելով կը գրէ. Գոքինիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարչութիւնը իր գուրգուրանքին առարկայ դարձուց նաեւ պասքէթն ու վոլէյ պոլը։

Պասքէթի խումբը կը բաղկանայ 12-16 տարեկան տղոցմէ, որոնք շաբաթը երկու անգամ կը մարզուին եղբայր Կ. Աւագեանի եւ իր օգնական Յ. Մովսէսեանի ցուցմունքներուն տակ։ Լիայոյս ենք որ այս խումբն ալ ապագային մտնելով ֆետերասիոնի մրցաշարքին մէջ կը գրաւէ պատուաբեր դիրք։ Իսկ գալով վոլէյ-պոլին Գոքինիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը նախապատրաստէ երկար տարիներու աւանդութիւն դարձուցած իր ամառնային միջանդամական մրցումները որոնք կը սկսին մօտ ատենէն։ Ուրախալի անակնկալ մըն է, որ այս տարուան մրցումներուն բաժակը կը տրամադրեն մեր մասնաճիւղին հին անդամներէն, ու ներկայիս Ամերիկաբնակ, մեր բոլորին սիրելի տքթ. Եղիա Արշակունիի զաւակները՝ Յակոբ եւ Հրայր Արշակունիները, որոնք իրենց նոր բնակավայրը մեկնելէ ի վեր միշտ կը հետաքրքրուին իրենց սիրելի մասնաճիւղով, որուն գործօն անդամները եղած էին մօտ անցեալին։

Ուրախութեամբ կը տեղեկանանք թէ ԱՆՉԱ¬ի նախագահ եւ ազգային բարերար պրն. Ճորճ Մարտիկեան մեկնած է Ալլենթաունի հիւանդանոցէն, ուր կը դարմանուէր, սրտի ծանր կաթուածէ մը ետք։ Բժիշկները շեշտած են թէ՝ պրն. Մարտիկեան թէեւ վտանգը բոլորովին անցուցած է, սակայն երկար հանգիստի պէտք ունի։ Պրն. Ճորճ Մարտիկեան Ֆիլատելֆիայէն մեկնած է Սան Ֆրանչիսկօ, իր բնակավայրը։  

Ուրախութեամբ իմացանք մեր նորահաս երիտասարդութեան հետեւեալ յաջողութիւնները.- Տէր եւ տիկին Յարութիւն Սվազլեաններու դուստրը՝ Լուիզ Սվազլեան, փայլուն յաջութեամբ աւարտած է Թեսաղոնիկէի ամերիկեան գոլէճը, արժանանալով մասնաւոր գնահատանքի։ Լուիզ եղած է գոլէճի այս տարուան լաւագոյն ուսանողուհիներէն եւ միակ հայ շրջանաւարտը։ Տէր եւ տիկին Խեչօ Խաչատուրեաններու որդին՝ Մարտիկ Խաչատուրեան, յաջողութեամբ աւարտած է գիմնազիոնը եւ կը պատրաստուի բարձրագոյն ուսման հետեւելու։