Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Մարաթոնի 11-րդ միջազգային ճամբարին  մասնակցելու համար կազմուած ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի սկաուտական խումբը 28 Յուլիսի կէսօրին «Աքիլլէս» շոգենաւով հասաւ Յունաստան:

Չորեքշաբթի առաւօտ օդի ճամբով պիտի երթան իրենց միանալու լիբանանեան այլ խումբերու ներկայացուցիչները եւ ՀՄԸՄ-ական սկաուտներ, որով ՀՄԸՄ-ի ընդհանուր թիւը պիտի ըլլայ 27, իսկ ամբողջ լիբանանեան խումբինը՝ 114: Մեկնող խումբը լիբանանեան, եռագոյն եւ ՀՄԸՄ-ի դրօշակները պարզած՝ խմբերգեց Լիբանանի ազգային քայլերգն ու «Յառաջ նահատակ»ը: Խանդավառ ու զուարթ տրամադրութեամբ եւ ընդհանուր ծափերու մէջ անոնք նաւ բարձրացան: Շաբաթ օր, խումբը Պիքֆայա գացած էր վեհափառ հօր աջն ու օրհնութիւնը առնելու։ Նոյն ժամուն Վատիկանէն սրբազան պապը իր հայրական օրհնութիւնը կու տար ճամբարի մեկնող բոլոր սկաուտներուն: 11-րդ ճամբարը կոչուած է ըլլալու բարձրացումի եւ տարածման ճամբար մը, որ մեծապէս կը համապատասխանէ ՀՄԸՄ-ի նշանաբանին՝ «ԲԱՐՁՐԱՑԻՐ ԵՒ ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՐ»: 74 ազգերու 14 հազար սկաուտներու մասնակցութիւնը լաւապէս կազմակերպելու համար Յունաստանի կազմակերպիչ մարմինը, գահաժառանգ իշխանին նախագահութեամբ, երկու տարիէ ի վեր կ՛աշխատի յաջողութեամբ պսակել 1 Օգոստոսին բացուող այս մեծ ճամբարը: Վստահ ենք, որ ՀՄԸՄ-ի սկաուտները 11 Օգոստոսի փակման հանդիսութեան մեծապէս օգտուած պիտի ըլլան գործնական աշխատանքներու մէջ եւ նորութիւններով օժտուած՝ պիտի վերադառնան Լիբանան եւ իրենց հերթին վարակեն իրենց եղբայրները՝ առաւելագոյն չափով ծառայելու համար ՀՄԸՄ-ի, հաւատարիմ մնալով իրենց երդումին եւ դաւանանքին:

Ամերիկաբնակ մեր ազգակիցներէն Ստեփան  Փիլիպոսեան տասը հազար տոլարի նուիրատուութիւն մը ըրած է Լիբանանի ՀՄԸՄ-ին՝ մարզարանի մը հողի գնման համար: Նաեւ հինգ հարիւր տոլարի նուիրատուութիւն մըն ալ ըրած է ՀՄԸՄ-ի Յունաստանի Շրջանային վարչութեան՝ իր կարիքներուն համար: