Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

«Աղէտալի» տարողութեամբ երկրաշարժ մը աւերեց Սքոփիան (200,000 բնակիչ), հարաւային Եուկոսլաւիոյ կարեւորագոյն քաղաքը:

Պելկրատ հասած, բայց տակաւին պաշտօնապէս չհաստատուած լուրերու համաձայն, զոհերուն թիւը 10,000-էն աւելի է: «Մակեդոնիա» պանդոկը, որ զբօսաշրջիկներով լեցուած էր, ամբողջովին աւերուեցաւ: Շոգեկառք մը, որ կայարան հասած էր, գիծէն դուրս ելաւ: Ճամբորդներուն մէջ կան 20 մեռեալ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ: Եուկոսլաւ բանակը անմիջապէս ձեռք առաւ օգնութեան գործողութիւնը՝ ժողովրդային միլիցիայի եւ հրշէջներու օժանդակութեամբ: Օդանաւեր մեկնեցան Սքոփիա, ուրկէ դեղ կը պահանջուի փութով: Առաջին ծանր վիրաւորները հասան եուկոսլաւ մայրաքաղաքը, մասնաւոր օդանաւերով: Փրիսթիտ, որ Սքոփիայէն 100 քմ հիւսիս-արեւմուտք կը գտնուի, անբողջովին հիւանդանոցի վերածուեցաւ՝ երկրաշարժի զոհերուն համար: Բոլոր տուները բռնագրաւուեցան: Առողջապահական մասնաւոր շոգեկառք մը մեկնեցաւ Նիշէն: Պելկրատի մէջ արիւն տուողները փութով կանչուեցան հիւանդանոցները եւ քաղաքային բոլոր օդանաւերը հրահանգ ստացան մեկնելու պատրաստ ըլլալու: Դաշնակցային գործադիր խորհուրդի նախագահ Փեթար Սթամպոլիչ օդանաւով մեկնեցաւ Սքոփիա:  Քաղաքը քանի մը վայրկեանէն աւերակներու ու փոշիի կոյտի մը վերածուեցաւ: Բանակային կեդրոնը եւ Ազգային դրամատան շէնքը կիսով քանդուեցան, ինչպէս նաեւ՝ հեռաձայնային կեդրոնը: Պելկրատի եւ Սքոփիայի միջեւ հաղորդակցութիւնները կտրուեցան:  Շարժը զգացուեցաւ նաեւ Մոնթենեկրոյի մայրաքաղաք Թիթոկրատի եւ Պոսնիա-Հերցեկովինայի մայրաքաղաք Սարայեւոյի մէջ: Արձանագրիչ մեքենաները ցոյց կու տան, թէ Եուկոսլաւիոյ մէջ ասկէ զօրաւոր ցնցում չէ եղած երբեք: Սքոփիա փութացած օտար լրագրողներուն առջեւ աղեխարշ տեսարաններ պարզուած են: Ամէն կողմէ փլատակներու տակ բանտարկուածներու ճիչեր կը հասնին: Քաղաքին մէջ ո՛չ ջուր կայ, ո՛չ ելեկտրականութիւն: Աշխարհի բոլոր կողմերէն օգնութիւն սկսած է հասնիլ: