Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Շիքակոյէն կը գրեն 14 Յուլիս թուականով.-  Այսօր, 14 Յուլիսի 1963, Կիրակի, քաղաքիս «Կրենթ փարք»-ի ընդարձակ պարտէզին մէջ, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան եւ տպաւորիչ հանդիսութեամբ, տեղի ունեցաւ բացումը նախագահ Քենըտիի կողմէ յայտարարուած  «ԳԵՐԵԱԼ ԱԶԳԵՐՈՒ ՇԱԲԱԹ»-ԻՆ:

Այս առթիւ կազմակերպուած էր շքերթ մը, որուն մասնակցեցան տարագիր բոլոր ժողովուրդներու պաշտօնական ներկայացուցիչները եւ պատգամաւորութիւններ, որոնց կարգին մասնաւոր հրաւէրով ներկայ էր նաեւ ՀՅԴ Շիքակոյի «ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ» կոմիտէութենէն պատուիրակութիւն մը: Տողանցքի առաջին շարքերուն մէջ եւ հանդիսութեան համար մասնաւորաբար պատրաստուած բեմին վրայ պատուոյ տեղ էր տրուած հայկական եռագոյնին եւ հայ պատգամաւորութեան: Հանդիսութեան բացումը կատարելով՝  օրուան նախագահը բեմ հրաւիրեց ՀՅԴ «ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Պարսամեանը, որ աթոռ գրաւեց տարագիր ազգերու ներկայացուցիչներու կարգին: Հանդէսի յայտագրին գործադրութիւնը տեւեց երկու ժամ: Ներկայ հոծ բազմութիւնը ընդհանուր խանդավառութեան մէջ հետեւեցաւ բոլոր ատենախօսներուն արտայայտութեանց: Պարզելով «ԳԵՐԵԱԼ ԱԶԳԵՐՈՒ ՇԱԲԱԹ»-ի իմաստն ու նշանակութիւնը անազատ ազգերու եւ Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին համար՝ ատենախօսները շեշտեցին կարեւորութիւնը գերեալ ժողովուրդներու մարդկային եւ ազգային բոլոր իրաւունքներու իրագործման: Տեղական մամուլը լայնօրէն արձագանգ կ՛ըլլայ հանդիսութեան: «Շիքակօ Թրիպիուն» հրատարակած է տօնակատարութենէն կարգ մը տեսարաններ, ուր հայ պատգամաւորութիւնը եւ հայկական եռագոյնը կ՛երեւին առաջին շարքերուն վրայ: Մասնակից գլխաւոր ազգերն էին՝ Հայաստան, Ալպանիա, Պուլկարիա, Ռումանիա, Լեհաստան, Չեխիա, Հունգարիա, Լիթուանիա, Էսթոնիա, Ուքրանիա եւ այլն: