Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Յ. Ճէլալեան գրութիւն մը գրած էր Ազատ Օրի էջերէն ուր կը նշէր.-
Անվիճելի իրականութիւն է այսօր Ֆիքսի «Առաքէլեան» մարզադաշտի բերած նպաստը Հ.Մ.Ը.Մ.ի յաջողութիւններուն եւ յաղթանակներուն։

Անժխտելի է նաեւ Ֆիքսի Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղի գործնական եւ  անձնուէր աշխատանքը, որ աննախընթաց ու բոլորովին նոր շարժում մը ստեղծած է մանաւանդ իր շրջանի հայութեան մէջ։ Գլխաւորաբար երկու հաւատաւոր ու նուիրեալ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու կը պարտինք Ֆիքսի վերազարթնումի շրջանը։ Առաջինը՝ Մեքսիքոյէն եղբ. Քերովբէ Առաքէլեանն է, որ գումար մը տրամադրելով՝ հիմնադիրը եղաւ պասքէթի դաշտին, զոր նոյնչափ նիւթական զոհողութեամբ եւ անձնական ջանքերով ամբողջացուց եղբ. Համբարձում Կիւտէնեան։ Ինչպէս ծանօթ է դաշտի բացումը կատարուեցաւ Զատիկին եւ այդ թուականէն ի վեր Հ.Մ.Ը.Մ.ի տղաքը շաբաթը առնուազն չորս կանոնաւոր փորձ կատարելով, հասան այսօրուան պատուաբեր դիրքին։ Մարզիչը՝ Ղ. Ռումանիտիս, հայու սրտով յոյն մըն է, որ ձրի ստանձնած է խումբի պատրաստութիւնը։ Կþարժէ նաեւ նշել, որ՝ պահեստի խումբի մարզիչը նախկին մարզիկ Մանուկ Մարկոսեանն է, որ նուիրումով ստանձնած է նոր ուժերու պատրաստութիւնը։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ֆիքսի վարչութիւնը, որ բոլորովին նոր անդամներէ կազմուած է (ի բացառեալ ատենապետ եղբ. Կիւտէնեանի), լաւատես է ոչ միայն մարզիկներու հետ իր ստեղծած սերտ կապերուն համար, այլ նաեւ մարզասէրներու հետ ալ իր ունեցած սիրալիր փոխ¬յարաբերութիւններուն համար։ Վարչութեան գովելի ծրագիրներէն մէկն է Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշին տակ համախմբել օտար շարժումներու եւ շրջանակներու մէջ գտնուող հայ մարզիկները եւ երիտասարդները։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պասքէթպոլի խումբը, որ այս տարուան ախոյեանութեան մրցումներուն ընթացքին իր ենթախումբի ախոյեանը հանդիսացաւ, հինգ խաղի վրայ չորս յաղթանակ արձանագրեց։ Խմբապետ եղբ. Իսկահատեան, առաջին կէտադրողը  հանդիսացաւ։ Բանիկեան՝ խումբի թիւ մէկ մարզիկն է։ Ասատուրեան խումբի սիւներէն է։ Պօղոսեան, Կարապետեան, Կիւրիւնլեան, Մոսխութիս եւ Ֆրանծիս յաջող ներկայացում կþունենան մըրցումներուն ընթացքին։