Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Գավալայէն կը հեռագրեն թէ՝ պուլկարահայ  նկարչուհի մը, Հիլտա Արթինեան (Արթինովա) իր տարեց մօր հետ, տրամաթիկ պայմաններու տակ Պուլկարիայէն փախուստ տալով Գավալա հասած եւ քաղաքական ապաստան խնդրած է, ինչ որ տրուած է իրեն եւ մօրը։

Արթինեան պատերազմէն առաջ աւարտած է Սոֆիայի Գեղարուեստից Ակադեմիան եւ արագ վերելք ունեցած գեղարուեստական կեանքին մէջ։ Պատերազմէն ետք, երբ երկրին մէջ համայնավար կարգեր հաստատուած են, իշխանութիւնները պարտադրած են որ արուեստագէտները «ուղիղ գծին» հետեւին։ Հիլտա մերժած է հնազանդիլ։ Ասոր վրայ իրեն արգիլած են իր նկարները ցուցադրել պետական սրահներու մէջ։ Աւելի վերջ, նկարչութեամբ զբաղիլն ալ արգիլած են։ Իր բոլոր խնայողութիւնները սպառելէ եւ թշուա-ռութեան մատնուելէ ետք, Հիլտա Արթինեան որոշած է Պուլկարիայէն փախչիլ եւ Յունաստան ապաստանիլ։ Տարեց մայրը առնելով՝ գաղտնօրէն սահմանները անցած եւ Գավալա հասած է։ Ուրախութեամբ կը տեղեկանանք թէ՝ նոր վեր-  ջացած դպրոցական տարեշրջանին, Թեսաղոնիկէի մէջ, բացառիկ յաջողութիւն արձանագրած եւ մասնաւոր գնահատանքի արժանացած են հետեւեալ հայուհիները.¬ Տիգրանուհի Մալխասեան, որ փայլուն յաջողութեամբ աւարտած է պետական գիմնազիոնը։ Սօսի Տերանեան, որ նոյնպէս յաջող կերպով աւարտած է ֆրանսական աղջկանց գոլէժը։ Իսկ Նատիա Մարուքէեան՝ իբրեւ բացառիկ կերպով ուշիմ ուսանողուհի, այս տարի եւս արժանացած է համալսարանական կրթաթոշակի։

 

Չորս տարի առաջ, 1959 Հոկտեմբերին, Գորիսի իր ծննդավայրին մէջ նշուած էր տարաբախտ գրագէտ Ակսէլ Բակունցի ծննդեան 60-ամեակը եւ այս առթիւ խօսք եղած էր Գորիսի մէջ հաստատելու Ակսէլ Բակունցի տուն-թանգարանը, քաղաքին փողոցներէն մէկը եւ դպրոց մը անոր անունով կոչելը եւ վերջապէս գրագէտին կիսանդրիին շինութիւնը։