Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

- Հ.Յ.Դ. Երիտ. միութեան Գոքինիոյ խումբերը տարիներէ ի վեր իրենց որդեգրած գեղեցիկ սովորութեան համաձայն, կազմակերպած էին պաղպաղակասեղան մը, ի պատիւ Գոքինիոյ Ազգային-Զաւարեան Միացեալ վարժարանի շրջանաւարտ սան-սանուհիներուն։ Ներկայ էին՝ վարժարանի ուսուցչական կազմը, Հ.Յ.Դ. Երիտ. միութեան կեդր. վարչութիւնը, Հ. Կ. Խաչի Գոքինիոյ մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ Հ.Յ.Դ. Երիտ. միութեան անդամ-անդամուհիները։ Օրուան նախագահն էր ընկ. Խ. Չոլաքեան, որ ներկայացուց Հ.Յ.Դ. Երիտ. միութիւնը եւ անոր կատարած ազգօգուտ դերը մեր գաղութէն ներս։  Յաջորդաբար յայտագիրը շարունակուեցաւ արտասանութեամբ մը, Վարդուհի Տոնկայեանէն եւ Եղիս Գասարճեանէն։ Ընկ. Լուսի Յովակիմեան Հ.Յ.Դ. Երիտ. միութեան կողմէ կարդաց գեղեցիկ ուղերձ մը։ Ապա խօսք տրուեցաւ տիկին Ա. Ֆարաճեանին, որ իր խօսքը ուղղեց հին եւ մասնաւորաբար նոր շրջանաւարտներուն։ Ան իր շինիչ խրատներով ու թելադրութիւններով նորերը հրաւիրեց ուխտելու իսկ հիները՝ վերանորոգելու իրենց ուխտը - այսինքն, հա՛յ մնալ եւ ծառայել հայութեան, հետեւելով իրենց նախնեաց ու մեծերու օրինակին։ Ներկաները հիւրասիրուեցան պաղպաղակով։ Ապա տեղի ունեցաւ հրաժեշտի երեկոյթ մը ի պատիւ Երիտասարդացի գործունեայ անդամներէն «Սերոբ» խումբի ներկայացուցիչ՝ ընկ. Կարպիս Մարկոսեանի, անոր Գանատա մեկնումին առթիւ։ Խօսք առին՝ ընկ. Մ. Աջապահեան եւ Հ.Յ.Դ. Երիտ. Միութեան Կեդր. վարչութեան անդամ Մ. Մանուկեան, որոնք գովեստով խօսեցան ընկեր Մարկոսեանի բեղուն գործունէութեան եւ անոր բազմակողմանի ձիրքերուն մասին։ Խօսք առաւ նաեւ ընկ. Կ. Մարկոսեան, որ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, յուզումով յայտնեց՝ որ ցաւով կը բաժնուի իր այնքան սիրելի ընկերներէն եւ մանաւանդ շատ սիրելի կազմակերպութենէն, որոնցմէ հրաժեշտ չառած կարօտցած է արդէն։ Խոստացաւ որ նոր բնակավայրին մէջ ալ աշխատիլ ու ծառայել իր սիրելի կազմակերպութեան եւ անոր միջոցով՝ հայութեան։