Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

- Նոր լոյս տեսաւ Գէորգ Գ. Քէշիշեանի «Ռոմանթիք Սայփրըս» հատորը, իր 11-րդ հրատարակութեամբ: Այս գործը Կիպրոսի մասին գրուած ներկայի բոլոր հեղինակութիւններուն մէջ լաւագոյնը կը նկատուի թէ՛ մասնագէտներու եւ թէ՛ լայն հասարակութեան կողմէ: Գէորգ Քէշիշեան, որ Տէր Զօրի վերապրողներէն է, ծնած է Ատանա, 1909-ին եւ պատանի հասակին բերուած է Կիպրոս ու իր կրթութիւնը ստացած է Ամերիկեան ակադեմիային մէջ: Փոքր հասակէն մասնաւոր հետաքրքրութիւն ունեցած է պատմական ու հնագիտական հարցերու հանդէպ, եւ ներկայի իր հեղինակած հատորը անշուշտ պտուղն է այս հետաքրքրութեան: Կարելի է անվերապահօրէն ըսել, որ «Ռոմանթիք Սայփրըս» հատորը, որ պատկերազարդ է եւ ճոխացուած՝ բազմաթիւ քարտէսներով, Կիպրոս այցելող զբօսաշրջիկներու «բարձի գիրք»-ն է դարձած: Արդարեւ, ցարդ ծախուած է 65.000 օրինակ եւ ներկայիս հեղինակը կը պատրաստէ հատորին նաեւ ֆրանսերէն ու գերմաներէն թարգմանութիւնները: Գէորգ Քէշիշեան անդամ է նաեւ կառավարութեան կողմէ  զբօսաշրջիկներու համար կազմուած պետական բաժնին, ուր առնուած է Կիպրոսի եւ առ հասարակ Միջին Արեւելքի պատմութեան իր հմուտ ծանօթութեան համար: Նաեւ, Գէորգ Քէշիշեան միակ հայն է, որ արժանացած է նման պատիւի:

- Լիոնէն կը հաղորդեն, թէ նորակառոյց եկեղեցւոյ օծումը կատարուած է մեծ շուքով, հայ եւ օտար անձնաւորութեանց ներկայութեան, ձեռամբ կաթ. պատուիրակ Սերովբէ արք.ի: Արարողութեան յաջորդող ճաշին ընթացքին հինգ միլիոն հին ֆրանքի նուիրատուութիւններ եղած են նորակառոյց Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ ի նպաստ:

- Նորընծայ տէր Կիրակոս քհնյ. Թոքաթլեան, նշանակուած ըլլալով Տիգրանակերտի հոգեւոր հովիւ, հասած է իր պաշտօնատեղին եւ դիմաւորուած է եկեղեցւոյ իշխաններուն (Տիգրանակերտի մէջ թաղական խորհրդոյ անդամները իշխան կը կոչուին) եւ խուռներամ հաւատացեալներու կողմէ: