Ամերիկեան «Քրիսչըն Մայնս Մոնիթոր» թերթին Պոլսոյ թղթակիցը կը հաղորդէ, որ Արարատ լերան վրայ ձիւնհալը սկսած ըլլալով՝ Նոյեան Տապանը փնտռողները վերստին շարժման անցած են: Թերթը կը շարունակէ. «Աստուածաշունչին մէջ յիշուած Նոյեան Տապանը փնտռողներուն այս տարուան յառաջապահը պիտի ըլլայ Ճոն Լէպի անունով, խիստ խառնուածքով քալիֆորնիացի մը: Ասիկա Նոյեան Տապանը փնտռելու համար Լէպիի չորրորդ ձեռնարկը պիտի ըլլայ: Ան ալ շատերու նման կը հաւատայ, որ Նոյեան Տապանը Թուրքիոյ հիւսիսարեւելեան կողմէ անմարդաբնակ 16,946 ոտք բարձրութեամբ Արարատ լերան սառած ձիւներուն ներքեւ պահուած է: Միւս փնտռտուքները ձախողութեամբ վերջացած են: Արարատ լեռը մագլցած պահուն բազմիցս գլորած է: Արարատ լեռը գացած պահուն ինքնաշարժի վտանգաւոր արկածէ մը դժուարութեամբ ազատած է: Հեղ մըն ալ ռուսական մեծ արջերուն յարձակման ենթարկուած է: Լա՛ւ, բայց այս բոլորը գիտնալով ինչո՞ւ նորէն կը փորձէ: Լէպի, որ իր ընկերակից անձերէն կրկնապատիկ առողջ կազմի տէր է, կը պատասխանէ. - Կ՛ուզեմ ծառայութիւն մը մատուցանել հայրենիքիս Ամերիկայի եւ քաղաքա- կրթութեան: Նոյեան Տապանի գիւտը հարուած մը պիտի կազմէ համայնավարներուն եւ անկրօններուն: Ճ. Լէպի այս օրերուն պիտի ձեռնարկէ ներկայ արշաւանքին: 1954-ին Արարատի կատարին վրայ 250x75 ծաւալով մարդու ձեռքով պատրաստուած անասունի որջ մը գտած է: Առաջին անգամ ըլլալով այս անա- սունի որջին շուրջ պեղումներ ընելու համար ծրագիրներ պատրաստած է: Կը խորհի նաեւ խորացնել քննութիւնը, որուն 1958-ին ձեռնարկած է 16 հազար ոտք բարձրութեան վրայ գտած փայտածուխի նմանող նիւթի մը վրայ: Ճոն Լէպի կ՛ըսէ. «Կը հաւատամ, որ Նոյեան Տապանը ներկայիս փայտէ շինուած ինքնատիպ ձեւը կը պահէ: Այլազան ազդեցութիւններով քարացած կամ ածխացած ըլլալու է: Արարատ լեռը մարած հրաբուխ մըն է չմոռնանք, որ լաւ կը պաշտպանէ գաղտնիքները»: