Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Երեւանի «Սեւան», «Երեւան» եւ «Արմենիա»  պանդոկներու կողքին, մօտ ատենէն պիտի կառուցուի նաեւ «Նայիրի»ն, որ պիտի ըլլայ Երեւանի մեծագոյն պանդոկը:

Ան պիտի ունենայ 12 յարկ եւ պիտի բաղկանայ երկու հարիւր սենեակներէ: Նոր պանդոկը իր սլացիկ շինուածքով եւ նորաձեւ ճարտարապետական յարդարանքով նոր տեսք մը պիտի տայ իր շրջապատին:

Վերջերս Երեւանի պետական պատկերասրահին մէջ բացուեցաւ ԺԶ.-ԺԹ. դարերու արեւմտեան Եւրոպայի կերպարուեստին նուիրուած ցուցահանդէսը: Ցուցադրուած են իտալացի, հոլանտացի, ֆրանսացի, գերմանացի եւ ուրիշ ականաւոր նկարիչներու 66 գործերը:

Գուգարքի գաւառը, Հայաստանի այլ շրջաններուն նման հարուստ է հնադարեան մշակոյթի գանձերով: Պատմաբանները տարիներէ ի վեր պեղումներ եւ ուսումնասիրութիւններ կը կատարեն հոն: Վերջերս գտնուած են դամբարաններ, որոնք 2500-3000 տարուան հնութիւն ունին: Չորս տարի առաջ՝ 1959 Հոկտեմբերին, Գորիսի իր ծննդավայրին մէջ հանդիսաւոր ձեւով նշուած է Ակսել Բակունցի ծննդեան 60-ամեակը եւ այս առթիւ պաշտօնապէս խօսք եղած է Գորիսի մէջ հաստատելու Ակսել Բակունցի տուն-թանգարանը քաղաքին փողոցներէն մէկը եւ դպրոց մը անոր անունով կոչելը եւ վերջապէս գրագէտին կիսանդրիին շինութիւնը: Հակառակ այս խոստումներուն, «անցել է չորս տարի, բայց ոչ տուն-թանգարանի ստեղծման գործն է գլուխ գալիս, ոչ էլ կիսանդրու կառուցման», դիտել կու տայ սրտցաւ նամակագիր մը՝ Գորիսէն:

Ճարտարագէտ մը՝ Գ. Սրուանձեան, նպատակայարմար չի գտներ արհեստական թեթեւ լցանիւթերու գործարաններու հիմնումը Անդըրկովկասի երկու երկիրներու՝ Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ, քանի որ «Հայաստանի բնական հարստութիւնները անսպառ են ամբողջ Անդրկովկասի (պեթոնի) թեթեւ լցանիւթերու պահանջը լիովին բաւարարելու համար»: