Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

- «Հայրենիք» օրաթերթի Յունիս 30-ի թիւին մէջ կը կարդանք.- Մօտաւորապէս տասնմէկ ամիս մեր մէջ մնալէ ետք, գրագէտ Շաւարշ Նարդունի մեկնեցաւ «տուն»՝ Փարիզ: Եկաւ «իր ժողովուրդը տեսնելու համար», ինչպէս ինք կ՛ըսէ: Տեսաւ հնարաւորութեան սահմաններու մէջ, փոխանցեց իր պատգամները, վստահօրէն ինք ալ, իր կարգին, հաստատեց ամերիկահայութեան ազգային գոյութեան պայքարի դժուարութիւնները եւ դարձաւ Ֆրանսա, ուր անշուշտ գրի պիտի առնէ սեւ ու ճերմակ իր տպաւորութիւնները: Շաւարշ Նարդունիի ներկայութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ առիթ տուաւ, որ առաւելապէս Հայ Օգնութեան Միութիւնը ու նաեւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը համակիր բազմութիւններուն լսելի դարձնեն իրենց ազգային, մշակութային եւ գրական մտահոգութիւնները, նաեւ պարզեն բնոյթը հաւաքական գոյութեան այն պայքարին, որուն լծուած են այս երկու մեծ կազմակերպութիւնները: Շաւարշ Նարդունի եկաւ «Հայրենիք», հրաժեշտ տուաւ ՀՅ Դաշնակցութեան, ՀՕՄ-ի եւ «Հայրենիք»-ի պաշտօնէութեան եւ մեկնեցաւ:  

 

- Յունիս 28-ին, Պոսթընի (Ամերիկա) արուեստի փառատօնին առթիւ, տեղւոյն հանրային պարտէզին մէջ տեղի ունեցած է հայ, ուքրանացի եւ իրլանտացի ժողովուրդներու ազգային պարերուն նուիրուած երկուքուկէս ժամուան ցուցադրութիւն մը, որուն մէկ ժամը յատկացուած էր հայկական պարերու: Հայկազ Մկրտիչեանի ղեկավարութեամբ հայկական խումբը ազգային տարազներով ներկայացուցած է տոհմիկ կարգ մը պարեր եւ՝ ջերմօրէն ծափահարուած:

- Թեհրանի մէջ, երկարատեւ հիւանդութենէ մը ետք, իր մահկանացուն կնքած է ազգային-յեղափոխական գործիչ եւ ՀՅԴաշնակցութեան վեթերան ընկեր Օննիկ Եղիազարեան: Հանգուցեալ ընկերոջ մարմինը փոխադրուած է «Ալիք»ի շէնքը: Ապա անկէ տարուած է գերեզմանատուն: Դագաղը ծածկուած էր եռագոյնով: Դամբանական խօսած են ընկերներ Արամ Աղաբէկեան եւ Սուրէն Յովհաննէսեան: Հանգուցեալին մարմինը ամփոփուած է ՀՅ դաշնակցութեան պանթէոնին մէջ: