Ամառուան ամենակիզիչ շրջանին է որ այս տարի եւս Յունաստանի կաթողիկէ հայոց առաջնորդարանի նախաձեռնութեամբ սարքուեցաւ տասնօրեայ արշաւ մը դէպի Զաքինթոս կղզին, հայր Յովհաննէս Վ. Գոյունեանի գլխաւորութեամբ: Օգոստոս 19-ին, 15 հոգիէ բաղկացած արշաւախումբը յետմիջօրեայ ժամը 5-ին նաւ առաւ եւ յաջորդ օրը, առտուան դէմ, Յոնիական կղզիներուն նախկին մայրաքաղաքը հասաւ: Յաջորդ օր, բոլորը ուղղուեցան ծովափին մօտ գտնուող յոյն կաթողիկէ առաջնորդարանը, ուր հիւրասիրուեցան սիրայօժարօրէն, իրենց ամբողջ պտոյտի ընթացքին: Դարձեալ այցելած էին կղզին ութը տարի առաջ երկրաշարժերու պատճառաւ կղզիի քարուքանդ պատկերը տեսնելով: Բայց արդէն ամբողջ մայրաքաղաքին մէջ ոչ միայն այդ ահեղ շարժերու հետքերը չկային, այլ թեթեւ ու կամարաւոր երկյարկանի կառուցուածքներով մաքուր ու ճաշակաւոր քաղաք մը կանգնած էր Վենետիկեան ճարտարապետութեան յայտնի ազդեցութեամբ: Զաքինթոսի մէջ պտոյտի ընթացքին, առիթը ունեցան փոքր արշաւանքներ կազմակերպելու կղզիին ներքնամասը ու մօտիկէն հաղորդակցելու Զաքինթական բնութեան հետ: Վերադարձը՝ ֆէրի-պոթով եւ ապա փուլմանով շարունակուեցաւ Պեղոպոնէզի ճամբով:
Հայաստանի թերթերէն կիմանանք թէ սաստիկ տաք կընէ Երեւանի մէջ: Երկար տարիներու ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ Երեւանի մէջ զօրաւոր տաքը կը սկսի առհասարակ Յուլիսի երկրորդ կամ Օգոստոսի առաջին կիսուն: Ամէնէն բարձր ջերմաստիճանը՝ 40.6 արձանագրուած է 1935 Օգոստոս 2-ին: Միւս տարիներուն ջերմաստիճանը նոյն ժամանակամիջոցին հասած է մինչեւ 39-39.7-ի, սակայն այս տարի աւելի մեղմ է տաքը այս օրերուն: Օգոստոս 18-ին ջերմութիւնը անցած է 38 աստիճանը, բան մը՝ որ անսովոր է Երեւանի համար: Օգոստոս 20-էն ետք եղանակը սկսած է աստիճանաբար մեղմանալ: