Շաբաթ կէսօրէ ետք, երեք փուլման մեծ ինքնաշարժներով եւ բաւական թիւով անձնական ինքնաշարժներով, 150է աւելի ազգայիններ եւ «Կիլիկիա» երգչախումբի երկսեռ անդամները, ուղղուեցան դէպի Փաթրաս, ներկայ գտնուելու համար առաջնորդ սրբազան հօր մատուցանելիք ս. պատարագին։
Կիրակի առաւօտ այցելեցին «Ախայիա Քլաուս» հռչակաւոր գինիի գործարանը։ Փաթրասի մօտակայ բարձունքին վրայ գտնուող ծերանոցի տաճարին մէջ առաջնորդ սրբազան հայրը պատարագեց։ Իրեն կը սպասարկէին՝ Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Մատթէոս քհնյ. Բարաղամեան եւ ուրարակիր՝ պրն. Սարգիս Մանուկեան։ Երգեցողութիւնները քառաձայն եղանակով եւ շատ ներդաշնակ ու տպաւորիչ կերպով կատարեց «Կիլիկիա» երկսեռ երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ տիկին Ալիս Ֆարաճեանի։ Եկեղեցին ծայրէ ծայր լեցուած էր Փաթրասի, Էյիոնի եւ շրջակայքի երկսեռ ազգայիններով եւ Աթէնքէն ժամանած ուխտաւորներով։ Եկեղեցիին մէջ բարձրախօս զետեղուած էր, որպսէզի դուրսը գտնուողներն ալ կարենան հետեւիլ արարողութեան։ Թեմակալ առաջնորդ գերշ. Տ. Սակակ եպս. Այվազեան խօսեցաւ հայրենաշունչ կուռ քարոզ մը։ Ապա՝ հոգեհանգիստ կատարեց Փաթրասի եւ Էյիոնի հին եւ նոր բոլոր ննջեցեալներու յիշատակին։ Պատարագին հետեւեցան նաեւ բաւական թիւով յոյն հաւատացեալներ, որոնք խորապէս տպաւորուեցան մեր եկեղեցական հոգեզմայլ արարողութիւններէն։ Յաւարտ ս. պատարագի, ընդարձակ ճաշարանի մը մէջ Փաթրասի մեր հայրենակիցները հացկերոյթ տուին ի պատիւ առաջնորդ սրբազան հօր եւ «Կիլիկիա» երգչախումբին։ Հացկերոյթին մասնակցեցան նաեւ ուխտաւորները եւ Փաթրասի հայրենակիցները։ Ներկաներուն թիւը 250է աւելի էր։ Տեղւոյն վրայ գործադրուեցաւ ճոխ յայտագիր մը - մեներգ, խմբերգ, արտասանութիւն եւ խօսք։ Այս այցելութիւնը աննախընթաց խանդավառութիւն ստեղծեց Փաթրասի հայութեան մօտ։ Փաթրասի հելլէն օրաթերթը Կիրակիի իր թիւին մէջ գրած էր թեմակալ առաջնորդ Այվազեան սրբազանի Փաթրաս ժամանումի լուրը եւ աւելցուցած թէ՝ ժամը 11-ին պիտի պատարագէր՝ մասնակցութեամբ բազմաձայն երգչախումբի։