Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Լոնտոնի «Նաւասարդեան» խումբը օգտուելով երիտասարդ գրագէտ-գրադատ Պօղոս Սնապեանի ներկայութենէն, Քենտիկնկթըն Մատենադարանի սրահին մէջ կազմակերպած է գրական դասախօսութիւն մը։ Պ. Սնապեան խօսած է տարաբախտ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի մասին։

Նախ տուած է Չարենցի կենսագրականէն քանի մը կարեւոր կէտեր, հետեւելով «Չարենցնամէ» ինքնակենսագրական պոէմին, որ կը պատմէ բանաստեղծին կեանքը՝ մինչեւ 1922։ Անկէ ետք, դարձեալ Չարենցի քերթուածներուն մէջէն հետեւած է անոր կեանքին, Երեւանէն մինչեւ Մոսկուա, մինչեւ արտասահման եւ եղերական վախճանը։ Իբրեւ կենսագրութեան յաւելեալ մաս, գրագէտ Սնապեան խօսած է նաեւ Չարենցի յետմահու կենսագրութեան մասին, որ եղաւ երկարատեւ լռութիւն եւ ուրացում մը։ Ապա անդրադարձած է այն խանդավառութեան, որ 1954-էն ասդին ծաւալեցաւ մեծ բանաստեղծին անունին շուրջ։ Կենսագրական այս արագ թուումէն ետք, պրն. Սնապեան շեշտած է թէ՝ երկու տեսակէտ կայ Չարենցի մասին։ Մէկը՝ զուտ ազգգային բանաստեղծ կþընդունի Չարենցը, միւսը Չարենցը Չարենց կը համարէ անոր համար պարզապէս, որ «պրոլետարական» տեսակէտներով բանաստեղծութիւններ գրած է։ Առանց երկար կանգ առնելու այս երկու տեսակէտներուն վրայ, գրագէտ Սնապեան ուղղակի մտած է Չարենցի գործին մէջ եւ խօսած Չարենցի մասին։ Առաւելաբար, Չարենցը խօսեցուցած է Չարենցի մասին։ Բազմաթիւ մէջբերումներով ունկնդիրներուն բացատրեց իրական, յաւիտենական Չարենցը։ Սնապեան զուտ գրական մէջբերումներով եւ բացատրութիւններով փաստած է Եղիշէ Չարենցի զուտ ազգային բանաստեղծի մեծութիւնը եւ արժէքը։ Դասախօսութեան ընթացքին, ընկ. Ա. Դաւթեան յստակ առոգանութեամբ արտասանած է Չարենցի «Ամբոխները Խելագարուած»ը։ Վերջաւորութեան՝ Լոնտոնի «Նաւասարդեան»ի կողմէ ընկ. Գ. Դաւթեան դասախօս գրագէտին նուիրած է գեղեցիկ գրիչ մը։