Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Շաբաթ առաւօտ, Վեհապետին անուանակոչութեան տօնին առթիւ, Մայր եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական գոհաբանական արարողութիւն, ի ներկայութեան Փաւլոս թագաւորին, Ֆրիտերիքի թագուհիին, գահաժառանգին եւ արքայական ընտանիքի միւս անդամներուն։

Ներկայ գտնուեցան նաեւ՝ վարչապետ պրն. Բիբինելիս, կառավարութեան անդամները, խորհըրդարանի նախագահը, կուսակցապետերը, օտար երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցիչները, զինեալ ուժերու ղեկավարները եւ այլ պաշտօնական անձնաւորութիւններ։ Արարողութեանց ներկայ գտնուեցան նաեւ՝ Յունահայոց թեմակալ առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ եպս. Այվազեան եւ առաջնորդական փոխանորդ արժ. Տ. Ներսէս Ա. քհնյ. Խոշորեան, որոնք եւս պալատ երթալով՝ յունահայութեան կողմէ շնորհաւորեցին արքայական ամոլը եւ երջանկութեան բարեմաղթութիւններ ըրին։ Վեհապետին անուանակոչութեան տօնին առթիւ, Շաբաթ օր, առաւօտ արշալոյսին եւ երեկոյեան՝ Լիքավիթոսի բարձրունքէն արձակուեցան թնդանօթի հարուածներ։ Նիկոսիոյ մէջ եւս տեղի ունեցած է գոհաբանական արարողութիւն, նախագահութեամբ Մակարիոս արքեպիսկոպոսի եւ ի ներկայութեան նախարարներու, Յունաստանի դեսպանին ու դեսպանատան անձնակազմին, Կիպրոսի յունական զինեալ ուժերու սպաներուն, Երեսփոխանական ժողովի նախագահին, երեսփոխաններուն եւ այլ պաշտօնական անձնաւորութեանց։

Հայաստանի անկախութեան 45-րդ տարեդարձը տեղի ունեցաւ  «Պուշ հաուզ»-ի մեծ սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լոնտոնի «Նաւասարդեան»-ի: Աննախընթաց հոծ բազմութիւն մը ներկայ էր: Օրուան նախագահն էր Վահէ Աշճեան: Սայաթ Նովայի «Քամանչա»-ն մեներգեց Գ. Մահտեսեան: Արտասանեց Նելլի Մինասեան, որ հիւրաբար կը գտնուէր Լոնտոն: Ապա նախագահը բեմ հրաւիրեց օրուան բանախօսը‘ գրագէտ Պօղոս Սնապեան, որ Փարիզէն հրաւիրուած էր բանախօսելու օրուան առթիւ: