Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Լեհաստանի Լվով քաղաքի ամէնէն հին թաղերէն մէկուն մէջ կը գտնուի հայկական մայր եկեղեցին՝ փառաւոր շքեղութեամբ: Եկեղեցին կառուցուած է ԺԴ դարուն, հայ ճարտարապետական հին ոճով եւ Անիի եկեղեցիներու ոճին հարազատ ու գեղեցիկ նմոյշներէն մէկն է:

Կը բաղկանայ երեք մասերէ: Իւրաքանչիւրը ուրիշ ժամանակաշրջանի մը կը պատկանի, որոնք, սակայն, ներդաշնակ ամբողջութիւն մը կը կազմեն: Հնագոյն մասը՝ եկեղեցիին կողակը եւ դասը, կառուցուած են 1570-ին, կոփածոյ քարերով, Անիի մայր եկեղեցիին նմանողութեամբ: Կեդրոնական մասը, մինչեւ մուտքի մեծ դուռը, շինուած վերածնութեան ոճով 1630-ին: Նորագոյն մասը կառուցուած է 1908-ին երբ լեհահայ Յովսէփ արք. Թէոդորովիչ ձեռնարկեց վերաշինութեան գործը: ԺԸ. դարուն, եկեղեցիին ներքին մասը արդիականացուեցաւ Ռոքոքօ ոճի յատկանշական անհաշտութեամբ: ԺԹ. դարուն Թէոտորովիչ արքեպիսկոպոս քառորդ դար աշխատեցաւ յամառօրէն եկեղեցին օժտելու համար նախկին շքեղութեամբ, ջնջելով Ռոքոքօ ոճը: Եւ վերակա- ռուցուեցաւ իրապէս հրաշալիք մը: Նիւթական իր լայն աջակցութիւնը բերած է ազգային բարերար Տիրան Քելեկեան: Աւագ Խորանը, սեղանը, աթոռը, վանդակապատը, ամպիոնը եւ սալայատակումը մարմարէ եւ պրոնզէ են: Նստարանները՝ յղկուած փայտէ: Մուտքի մեծ դուռը՝ ոսկեզօծ փայտէ: Գմբէթին մէջ՝ խճանկարներ: Պատկերազարդ սքանչելիք մը: Հայ ճարտարապետութեան ամէնէն ծաղկեալ շրջանին ոճը ներկայացնող միակ հրաշակերտն է, որ աշխարհի մէջ կը մնայ ամբողջապէս կանգուն: Լվով քաղաքը, իր հայկական գեղեցիկ եկեղեցիով, զբօսաշրջութեան կեդրոն դարձած է: Խուռնամբոխ բազմութիւններ ուխտագնացութեան կ՛երթան:

 

Զահլէահայութիւնը ուխտագնացութիւն մը կատարեց Անթիլիասի մայրավանքը: Առտուան կանուխ ժամերուն աւելի քան վաթսուն հոգիներէ բաղկացած խումբ մը հաւատացեալ ազգայիններ, իրենց ընտանիքներով միասին, տասը ինքնաշարժներով Անթիլիաս մեկնեցան, նախաձեռնութեամբ ԼՕԽաչի եւ ՀՄԸՄ-ի վարչութեանց, առաջնորդութեամբ շրջանի Գաւառական ժողովի անդամ Ս. Գասարճեանի: