Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

- Լիբանանահայ Օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութիւնը, իր օգտաշատ գործունէութեան առանցքը ընդլայնելով՝ գեղեցիկ մտածումը ունեցած է Անթիլիասի հետզհետէ աճող հայաշատ կեդրոնին մէջ կազմակերպելու նոր մասնաճիւղ մը: Անձնուէր հայուհիներ, ընթացք տալով այս մտածումին, արձանագրուած են արդէն, նոր մասնաճիւղի անդամուհիներուն թիւը հասցնելով 70-ի: Հինգշաբթի, 6 Յունիս 1963-ին, Շրջանային վարչութիւնը հրաւիրած էր

նոր անդամուհիները, Անթիլիասի մէջ գումարելու մասնաճիւղի առաջին ընդհանուր ժողովը, որուն ներկայ գըտնուած են աւելի քան 50 անդամուհիներ: Ներկայացուած են արտասանութիւններ, մեներգներ, տեղի ունեցած է հիւրասիրութիւն: Ստեղծուած խանդավառ մթնոլորտի մէջ ներկաները խոստացած են սիրայօժար տրամադրութեամբ իրենց առաւելագոյն օգտակարութիւնը ընծայաբերելու կանացի այս մեծ կազմակերպութեան: Այնուհետեւ,  ընտրուած է մասնաճիւղի առաջին վարչութիւնը, որուն մաս կը կազմեն Ռօզա Գալճեան, Հայկանոյշ Գրիգորեան, Արշակուհի Փեշտիմալճեան, Էլիզ Ուրիշեան, Գաթրին Գըլըճեան, Շաքէ Թոքաթլեան եւ Մարի Սաքճեան: Լիայոյս ենք, որ ինչպէս բոլոր մասնաճիւղերը, այս շրջանը եւս պիտի ունենայ ազգօգուտ գործունէութիւն:

- Համբարձման տօնին առթիւ, Լիբանանեան օգնութեան խաչի Նոր Ատանայի մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպեց պարտիզագնացութիւն մը դէպի Ղազիր: Դէպի Ղազիր տանող ճամբու ընթացքին խանդավառ խաչուհիներն ու համակիրները խմբերգներով ու մեներգներով լեցուցին մթնոլորտը: Ղազիրի ծառազարդ մեծ սրճարանին մէջ Նոր Ատանայի շրջանի պարտիզագնացները ամբողջ օր մը անցուցին հաճելի մթնոլորտի մը մէջ: Կէսօրուան ճաշէն ու հանգիստէն ետք հարիւր յիսունէ աւելի կիներն ու օրիորդները իրենց ծափերով խանդավառեցին արտասանող, մեներգող եւ պարող խաչուհիները: Կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին ժամանեցին Լիբանանեան օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան անդամները, որոնք իրենց քաջալերանքի խօսքը ըրին Նոր Ատանայի նորընտիր վարչութեան: