- Վերջերս, վեհապետը, թագուհիին, իշխանուհի Իրինիին եւ իշխան Միխայիլի հետ մարտանաւով մեկնեցաւ դէպի Այիոն Օրոս, ներկայ գտնուելու համար հազարամեակի հանդիսութեանց։ Թագուհին եւ իշխանուհի Իրինին պիտի մնան մարտանաւին մէջ, կիներու մուտք արգիլուած ըլլալով Այիոն Օրոսի մէջ։ Դէպի Այիոն Օրոս մեկնեցաւ նաեւ գահաժառանգ իշխան Կոնստանդինոս, որ Գոփենհակընէն նոր վերադարձած էր։ Կառավարութեան կողմէ Այիոն Օրոս
մեկնեցան Հիւս. Յունաստանի եւ կրթական նախարարները։ Դէպի Այիոն Օրոս մեկնեցաւ նաեւ Աթէնքի քաղաքապետ պրն. Ցուքալաս։ Մասնաւոր հրաւէրով Այիոն Օրոս մեկնած էին, հազարամեակի հանդիսութեանց ներկայ գտնուելու համար յունահայոց թեմակալ առաջնորդ՝ գերշ. Տ. Սահակ Ս. եպս. Այվազեան եւ Ազգ. Կեդր. վարչութեան ատենապետ պրն. Ներսէս Յակոբեան։ Առաջնորդ սրբազանը եւ պրն. Յակոբեան Այիոն Օրոսի մէջ սիրալիր ընդունելութեան արժանացած եւ ըստ պատշաճի հիւրասիրուեցան պաշտօնական հրաւիրեալներուն հետ։ Ներկայ գտնուեցան տեղի ունեցած բոլոր հանդիսութեանց եւ այցելութեանց ու սիրալիր խօսակցութիւններ ունեցան օտար եկեղեցական եւ աշխարհական հիւրերու հետ, հայ եկեղեցին եւ քրիստոնէական աշխարհը շահագրգրող հարցերու շուրջ։ Այս հանդիսութեանց մասնակցելու համար մասնաւոր հրաւէրով Յունաստան ժամանած էր նաեւ Թուրքիոյ հայոց պատրիարք ամեն. Շնորհք արք. Գալուստեան։ Պատրիարք սրբազանին հետ ժամանած էին նաեւ գերշ. Տ. Շահան Ծ.Վրդ. Սվաճեան, հոգշ. Տ. Խոսրով վրդ. Էմիրզէեան եւ պրն. Կար. Ղազարեան։ Ամեն. Շնորհք Պատրիարքը եւ հետեւորդները եւս Աթէնք վերադարձան։ Պատրիարք հայրը Աթէնքէն պիտի մեկնի Լիզպոն եւ Լոնտոն եւ ապա Ս. Էջմիածին՝ Ամենայն հայոց Վազգէն Կաթողիկոսին Պոլիս տուած այցելութիւնը փոխադարձելու համար։