Հայկական Գիտութիւններու Ակադեմիայի հրաւէրով՝ Երեւան հասած են՝ արտասահմանի հայ գիտնականներ, որոնք մէջ կը գտնուին՝ Փենսիլվանիոյ համալսարանի դասախօս փրոֆ. Մանասէ Սեւակ, Ալապամայի համալսարանի դասախօս փրոֆ. Չարլս Գոչակեան եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի դասախօս փրոֆ. Աւետիս Խաչատուրեան:
Միջնադարեան Հայաստանի մայրաքաղաք Դուինի աւերակներու պեղումներու ընթացքին՝ երեւան հանուած են հինգերորդ դարէն մինչեւ եօթներորդ դարերու Հայաստանի կառավարիչներու բնակարանին երեք սրահները, որոնք կը գտնուին հինգ մեթր խոր հողին տակ, բերդաքաղաքին կեդրոնական մասին մէջ: Պեղումներու վարիչը, Կ. Ղաֆադարեան, հետեւեալ յայտարարութիւնը ըրած է գտնուած արժէքաւոր առարկաներու մասին. -Հրդեհի մը հետեւանքով վնասուած սրահներէն մէկուն մոխիրներուն մէջ գտնուեցան տասնեակներով կաւէ գդակաձեւ անօթներ, որոնց վրայ անեղծ կը մնան հայ իշխաններու եւ բարձրաստիճան կղերականներու կնիքներու դրոշմները: Կարգ մը անօթներու վրայ կան աւելի քան 25-30 դրոշմներ: Ասոնք հրոյ ճարակ եղած պետական դիւանին մնացորդներն են: Բերդին մէջ գտնուեցան նաեւ ակնագործութեան սարքեր եւ աշխատանոց մը, նաեւ ապակիի փքոցարան մը լաւ պահպանուած: Քաղաքին հարաւային մասին մէջ գտնուեցաւ չորս շարք սիւներու վրայ կանգնած շինութիւն մը: կենթադրուի թէ կը ներկայացնէ քաղաքին կեդրոնական շուկան եւ մաքսատունը: Այս տարի, Դուին քաղաքի պեղումներու ընթացքին գտնուեցան աւելի քան 700 զանազան առարկաներ, բրուտներու յատուկ, նաեւ ապակեայ անօթներ, ձոյլ ոսկիի կտոր մը, բիւզանդական, արաբական եւ սասանեան ոսկեայ, արծաթեայ ու պղինձեայ դրամներ: