Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

- Կիրակի 9 Յունիսին, տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդաց միութեան Կեդր. վարչութեան կազմակերպած զբօսապտոյտը՝ դէպի Գալամոսի գեղատեսիլ ծովափը։ Պտոյտին կը մասնակցէին Աթէնքի, Ֆիքսի եւ Գոքինիոյ Երիտասարդացի խումբերու անդամ¬անդամուհիները, աւելի քան 150 հոգի։ Որոշեալ

ժամուն, գրեթէ բոլոր շրջաններու ինքնաշարժները հասած էին Գալամոս եւ զայն դարձուցած փոքրիկ Հայստան մը։ Ամէն կողմէ հայերէն խօսակցութիւններ եւ երգեր կը լսուէին։ Բոլորին տրամադրութիւնները բարձր էին։ Իսկապէս խրախուսիչ էր մեր աչքերուն առջեւ պարզուող պատկերը։ Երեք շրջաններու անդամներու ներկայութիւնը՝ առիթ ընծայեց իրարու հետ ունեցած հոգեկան կապերը աւելի եւս սերտացնելու եւ ամրապնդելու։ Կեդրոնական վարչութիւնը տեղւոյն վրայ կազմակերպեց վիճակահանութիւն մը, որ շատ մեծ յաջողութիւն արձանագրեց։ Մինչեւ իրիկուն, ժամերը սահեցան ուրախ երգերով եւ զրոյցներով։ Անդամներու կողմէ եղան նաեւ այլազան խաղեր, աւելի հաճելի դարձնելով զբօսապտոյտը եւ հետաքրքրութիւն ստեղծելով բոլորին մօտ։ Ուշ ատեն, բոլորը տեղ գրեւեցին ինքնաշարժներուն մէջ եւ վերադարձի ճամբան առին։ Ինչպէս առաւօտուն, երեկոյեան եւս ճամբու ընթացքին երգուեցան տոհմիկ եւ յեղափոխական երգեր եւ եղան սրամիտ կատակախօսութիւններ։

- Բնութիւնը՝ տարածութեամբ փոքր արդի Հայաստանին շնորհած է օգտակար համածոներու գանձարան մը։ Բազմաթիւ եւ բազմազան օգտակար հանածոներու կարգին, իրենց արտակարգ գեղեցկութեամբ, երանգներով, դիւրին յղկուելու առաւելութեամբ, տոկունութեամբ եւ այլ յատկանիշերով, Հայաստանի մարմարները աշխարհահռչակ դարձած են։ Այս մարմարները հինէն ի վեր ծանօթ էին։ Արդիական միջոցներով մարմարներուն օգտագործումը սկսած է 1930-ին, երբ հիմնուած է «Հայմարմար» գործարանը, որուն արտադրութիւնը տեղական պահանջները բաւարարելէ զատ, մեծ ընդունելութիւն գտած է օտար երկիրներու մէջ ալ։