Համաշխարհային երկու եւ Խ. Միութեան երկու նոր մրցանիշեր հաստատած են հայ ծանրաբարձերը Վոլկոկրատի մէջ։
Միեւնոյն ատեն առաջին հանդիսացած են համամիութենական մրցումի մը մէջ, որուն մասնակցած են ռուս, ուքրանիացի, ազերի, վրացի եւ պալթեան երեք երկիրներու ծանրամբարձումի ախոյեաններ։
Հայաստանի թերթերը վրդոված գրութիւններ կը հրատարակեն երկրին Ա. կարգի «Արարատ» ¥նախկին՝ «Սպարտակ»¤ ոտնագնդակի խումբին արձանագրած շարունակական պարտութիւններուն առթիւ։ Խումբը ցարդ ինը մրցում կատարած է։ Արձանագրուած է վեց պարտութիւն, մէկ յաղթանակ եւ երկու հաւասար արդիւնքներ։
Հայաստանի վարչապետ Անտոն Քոչինեանի նախագահութեան տակ Երեւանի մէջ նիստ գումարած է հայ մեծ բանաստեղծ Սայաթ Նովայի ծննդեան 250-ամեակի հանդիսութիւնները պատրաստելու պարտականութիւն ունեցող յանձնախումբը։ Յառաջիկային Հայաստանի եւ Անդրկովկասի հանրապետութեանց մայրաքաղաքներուն ինչպէս նաեւ Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենան հանդիսաւոր հաւաքոյթներ, երեկոյթներ եւ նուագահանդէսներ՝ Սայաթ Նովային նուիրուած։ Այս տարեդարձին առթիւ, պիտի հրատարակուին տասը հատորներ, որոնք պիտի բովանդակեն Սայաթ Նովայի գործերը ինչպէս նաեւ՝ մենագրութիւններ՝ աշուղ-բանաստեղծին մասին։ Հայաստանի մշակութային նախարարութիւնը Սայաթ Նովայի յուշարձանի պատրաստութեան համար պիտի կազմակերպէ մրցում։ Երեւանի շարժանկարի աշխատանոցները, ներկայիս կը պատրաստեն ֆիլմ մը՝ նուիրուած Սայաթ Նովայի կեանքին ու գործին։
Պարսկաստանէն հայրենիք վերադարձած 49 հայրենակիցներու խումբ մը Կիրովական հասած է։