Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Գարամանլիսի կառավարութիւնը լուրջ հարցի մը շուրջ տարակարծութիւն ունենալով վեհապետին հետ, անոր ներկայացուց իր հրաժարականը, որ ընդունուեցաւ։

Տարակարծութիւնը կը վերաբերէր Արքայական ամոլի Անգլիա այցելութեան հարցին։ Արքայական ամոլը, Անգլիոյ թագուհիին եւ կառավարութեան կողմէ հրաւիրուած էր Լոնտոն այցելելու։ Կառավարութիւնը նախապէս համաձայն էր արքայական ամոլին՝ որ այցելութիւնը տեղի ունենայ Յուլիս 9-ին։ Սակայն, վերջերս, երբ Ֆրիտերիքի թագուհին Լոնտոն այցելեց եւ այդ առթիւ անախորժ միջադէպեր պատահեցան ձախակողմեան տարրերու գլխաւորութեամբ, կառավարութիւնը փոխեց իր կարծիքը։ Վարչապետը վեհապետին առաջարկեց որ ճամբորդութիւնը յետաձգուի առժամաբար եւ աւելի յարմար թուականի մը տեղի ունենայ։ Ընդհակառակը սակայն, վեհապետը այն կարծիքը յայտնեց թէ պէտք չէր յետաձգուեր, մանաւանդ որ Անգլիոյ թագուհին երաշխիք տուած էր որ միջադէպեր պիտի չստեղծուին հելլէն արքայական ամոլի այցելութեան ընթացքին։  Վարչապետը երբ որ տեսաւ որ վեհապետը կը պնդէ այցելութիւնը իրագործելու իր տեսակէտին վրայ, ներկայացուց իր հրաժարականը։ Վարչապետը բացառիկ նիստի հրաւիրեց նախարարաց խորհուրդը եւ անոր պարզեց վեհապետին հետ ունեցած խօսակցութիւնը եւ հրաժարական ներկայացնելը։ Նախարարաց խորհուրդը միաձայնութեամբ վաւերացուց կառավարութեան հրաժարման յայտարարութիւնը, ուր կը պարզուին վեհապետին ու կառավարութեան տարակարծութեան մանրամասնութիւնները։ Այդ յայտարարութեան մէջ կառավարութիւնը կþըսէ, թէ վարչապետը վեհապետին իր հրաժարականը ներկայացնելով՝ թելադրած է փոխանցման դահլիճ մը կազմել, խորհրդարանը լուծել եւ սահմանադրական պայմանաժամի ընթացքին ու գոյութիւն ունեցող ընտրական օրէնքով ընտրութիւններ կատարել։ Աթէնքի ձայնասփիւռի կայանը հեռարձակեց վեհապետին մէկ պատգամը՝ ուղղուած հելլէն ժողովուրդին, ուր կը յայտնէր թէ ընդունած է Գարամանլիսի հրաժարականը, այսուհանդերձ վեհապետը առ այժմ տրամադիր չէ պրն. Գարամանլիսի առաջարկին ընդառաջելով փոխանցման դահլիճ կազմելու, Խորհրդարանը լուծելու եւ նոր ընտրութիւններ կատարելու։