Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Յունիս 2-ին, Կիրակի, կէսօրէ ետք ժամը 6-ին, Թեսաղոնիկէի Հ.Մ.Ը.Մ.ի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Գթութեան Խաչի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ շրջանի 11-րդ Պատգ. ժողովը։

Ժողովին կը մասնակցէին շրջանի բոլոր մասնաճիւղերը պատգամաւորներու լրիւ կազմով, ինչպէս նաեւ գաղութիս հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Անուշաւան քհնյ. Յարութիւնեան, Ազգ. Իշխանութեան, միութեանց եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, անհատ հրաւիրեալներ եւ հիւրաբար քաղաքը գտնուող Ազգ. Կեդր. Վարչութեան անդամ ընկեր տոքթ. Եղիա Արշակունի։ Բոլոր մասնաճիւղերու բարոյական եւ նիւթական գործունէութեան տեղեկագիրներու ընթերցումէն ի յայտ կուգար թէ՝ Հ. Գթ. Խաչը նշանակալից յառաջդիմութիւն արձանագրած է եւ իր մասնաճիւղերը դարձած են ազգային կենդանի գործօն ազդակը։ Ինչպէս Թեսաղոնիկէի մասնաճիւղի, նոյնպէս եւ Շրջանային վարչութիւնը իրենց տեղեկագիրներուն մէջ կը յայտնէին իրենց երախտագիտութիւնը միութեան պատուակալ նախագահ տոքթ. Աբրահամ Աբրահամեանին, որ իր սուղ ժամերն ու հանգիստի պահերը զոհելով՝ կը խնամէ Հ. Գթ. Խաչին դիմող բոլոր հիւանդները։ Ժողովը նոյնպէս գնահատեց կրթական մարզէն ներս ուսուցչուհի տիկին Մերի Մանուկեանի, եւ մասնաւորաբար անձնուիրաբար օգնական ուսուցչուհիի պաշտօնը ստանձնած Շրջ. վարչութեան անդամուհիներէն տիկին Արմենուհի Աբելեանի կատարած գնահատելի գործը։ Յաջորդաբար խօսք առին ընկ. Ռուբէն Գալֆայեան, պրն. Վարազդատ Քիւփճեան եւ ընկեր Լեւոն Ճլկունի, որոնք նշեցին Հ. Օ. Մ.ի կատարած նախախնամական հսկայ գործը՝ ազգային կեանքի խնամատարական, մշակութային,  կրթական եւ մանաւանդ հայապահպանման մարզերուն մէջ։ Գաղտնի քուէարկութեամբ վերընտրուեցան նախորդ Շրջ. վարչութեան անդամները տիկիններ՝ Մերի Աբրահամեան, Արմենուհի Աբելեան, Յասմիկ Տէրանեան, Շաքէ Հոթոթեան, օր. Արշալոյս Սեմերճեան եւ պարոններ Վարազդատ Քիւփճեան եւ Սերոբ Գալֆայեան։