Հայաստանի Գերագոյն դատարանի որոշումով երեք անձեր՝ Սահակ Յովհաննէսեան, Վաչագան Բարսեղեան եւ Սեդրակ Վահանեան մահուան դատապարտուած են պետական գումարներ եւ ինչքեր իւրացուցած ըլլալուն համար: Ուրիշներ ալ՝ մէկէն մինչեւ տասը տարուան բանտարկութեան:
«Կսմիթներ» խորագրին տակ «Սովետական Հայաստան» կը ներկայացնէ բազմաթիւ բողոքագիրներ. «Նալբանդ գիւղի հիւանդանոցը տարիներէ ի վեր ջուր չունի: Ղամշլուի հիւանդանոցը, որ կը սպասարկէ երեք գիւղերու բնակիչներուն, քանի մը ամիսէ ի վեր բժիշկ չունի»:
«Սովետական Հայաստան» իր խմբագրականով կը յիշեցնէ խորհրդային քաղաքացիներուն պարտականութիւնը՝ պայքարիլ «կրօնական նախապաշարումներուն» դէմ: «Անհանդուրժելի է,- կը գրէ թերթը,- երբ որոշ համայնավարներ եւ երիտասարդ համայնավարներ հաշտուողաբար կը վերաբերին կրօնին հանդէպ, անտարբերութեամբ կը դիտեն, թէ ինչպէս իրենց ընտանիքին անդամները, աշխատանքի ընկերները կը մասնակցին կրօնական ծէսերու» եւ այլն: Թերթը «ցաւով» եւ «վրդովումով» կը յիշատակէ մկրտութեան, եկեղեցի երթալու փաստերը ու կ՛եզրակացնէ. «Կուսակցական, կոմերիտական, արհեստակցական միութիւններու կազմակերպութիւններու, գաղափարական բոլոր հիմնարկութիւններուն գործն է յարատեւ եւ նպատակասլաց կերպով մղել գիտա-անաստուածական քարոզչութիւնը, համբերութեամբ եւ համոզիչ կերպով պարզաբանել կրօնական հաւատալիքներուն սնանկութիւնը»:
Հայաստանի այգեգործութեան, խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան հիմնարկութեան մշակած նոր գինին «Հայկաւան» կը կոչուի: Ասիկա ծանօթ մատերա գինիին մէկ տեսակն է, որ մասնագէտներուն կարծիքով աւելի համով է, հոտով եւ որակով՝ գերազանց: Այս տարի այս գինիին արտադրութիւնը պիտի հասնի չորս հարիւր հազար լիթրի: