Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Ինչպէս ամէն տարի Մայիս ամսուն, այս տարի եւս, Ֆիքսի Հ. Կ. Խաչի վարչութիւնը, «Մայրերու Օր»ուան առթիւ կազմակերպած էր հանդիսութիւն մը, Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանի «Հայաստան» ակումբին մէջ։

Ներկայ էին՝ բաւական թիւով ունկնդիրներ, մեծ մասամբ իգական սեռէն։ Խօսելու հրաւիրուած էր ընկ. Մաննիկ Պէօրէքճեան։ Նախագահ ընկերուհի Սոնա Շահնազարեան հանդիսութեան բացումը կատարելով, ամփոփ կերպով բացատրեց օրուան տօնին նշանակութիւնը եւ նպատակը։ «Մայրերու Օր»ուան պատշաճ երկու ոտանաւոր յաջող կերպով արտասանեցին, փոքրիկն Հայկանուշ Սեֆէրեան եւ փոքրիկն Մարօ Սերճոյեան։ Ի վերջոյ խօսքը տրուեցաւ ընկ. Մաննիկին որ ոգեշունչ խօսք մը արտասանեց, նիւթին մօտենալով զաւակի եւ ապագայ մօր տեսանկիւնէն։ Շնորհալի ընկերուհին ջերմապէս ծափահարուեցաւ ներկաներէն, որոնք իրենց անվերապահ գնահատանքը ու շնորհակալութիւնները յայտնեցին իրեն։ Տօնակատարութեան վերջաւորութեան ներկաները հիւրասիրուեցան օշարակով։

 

Գոքինիոյ Հ. Կ. Խաչի վարչութիւնը այս տարի  եւս տօնակատարեց «Մայրերու Օր»ը, որ կարելի է ըսել թէ՝ միութեան լաւագոյն ձեռնարկներէն մէկը կը ներկայացնէ, տրուած ըլլալով որ, ինքը՝ Հ. Կ. Խաչն ալ արդէն կանացի կազմակերպութիւն մըն է, կազմուած ընդհանրապէս հայ մայրերէ եւ քոյրերէ։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Մայիս 25-ին, Զաւարեան սրահին մէջ, ի ներկայութեան կոկիկ բազմութեան մը։ Վարչութեան տիկիններն ու օրիորդները գեղեցիկ եւ հոտաւէտ մեխակներով կը զարդարէին ներկաներուն կուրծքերը։ Տիկ. Վարդուհի Սիմոնիկեան հակիրճ կերպով խօսեցաւ հաւաքոյթի նպատակին ու նշանակութեան մասին։ Գործադրուեցաւ օրուան պատշաճ յայտագիր մը եւ ներկայացուեցաւ հայ ընտանիքին նուիրուած կենդանի պատկեր մը։ Յաջող արտասանութիւններ ըրին ընկ. Ա. Գոճաեան, Շ. Չանկարեան եւ Կ. Ճամըզեան։ Հուսկ խօսելու հրաւիրուեցաւ օր. Մաննիկ Պէօրէքճեան։ Վերջաւորութեան բոլոր ներկաներու մասնակցութեամբ երգուեցաւ Հ. Կ. Խաչի քայլերգը եւ վերջ գտաւ այս գեղեցիկ ձեռնարկը։