Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Ֆիքսի Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդաց Միու թիւնը գեղարուեստական խնամուած հանդէս մը կազմակերպած  էր իր «Օր»ուան, ինչպէս նաեւ հայ կաթողիկէ առաջնորդարանի նորակերտ սրահին բացման առթիւ։

Իրենց ներկայութեամբ հանդէսը պատուած էին՝ գերյ. Յ.Թ.Ծ.Վ. Խանցեան, գերյ. Յ. վրդ. Գոյունեան, արժ. Տ. Խորէն քհնյ. Միսաքեան, Ֆիքսի պատ. Թաղական Խորհուրդի եւ Ազգ. Միութեանց վարչութիւններուն ներկայացուցիչները եւ խուռներամ հասարակութիւն մը։ Երգչախումբը՝ սիրող խմբավար տոքթ. Ժագ Զաքարեանի ղեկավարութեամբ հնչեցուց հելլէն քայլերգը եւ «Մեր Հայրենիք»ը։ Ապա՝ գերյ. Խանցեան վրդ. բացման խօսքը կատարեց մեր օրերու երիտասարդութեան՝ աւելի կրօնաբարոյական եւ հայրենասիրական հիմերու վրայ հաստատ մնալու անհրաժեշտութիւններ կատարուեցան օր. Ռոզիկ Պետոյեանի եւ օր. Մելիքուհի Չերքէզեանի կողմէ, սահուն հայերէնով եւ խոր յուզումով։ Առաջինը արտասանեց Վ. Թաթուլի «Վաղուան հայեր»ը, իսկ երկրորդը՝ Ա. Ծառուկեանի «Ուխտ Արարատին»ը երկար ծափերու արժանանալով։ Օր. Շաքէ Ղեւոնդեան եւ պրն. Թագւոր Գազանճեան ներդաշնակ կերպով զուգերգեցին Սրուանձտեանցի «Ցայգային»ը։ Նորայայտ երգիչ պրն. Կարպիս Գունտաքճեան բոլոր ներկաները յուզեց Ռ. Մելիքեանի «Վարդը եւ բլբուլը» երգած պահուն։ Մեներգներու յաջողութեան օժանդակեց իր ընկերակցութեամբ դաշնակահարուհի օր. Էֆի Ճէլալեան։ Հանդէսին երկրորդ մասի վերջաւորութեան բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան երիտասարդ բանախօսը պրն. Յակոբ Ճէլալեան, շրջանաւարտ՝ Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեանէ։ Յայտագիրը ունէր իր զուարճալի պահն ալ - մէկ արարնոց «Հնարամիտ վարձակալ»ը զաւեշտի ներկայացումը, որուն մէջ դեր վերցուցած էին օր. Նազիկ Չերքէզեան, պրն. Պօղոս Գազանճեան, պրն. Կարպիս Գունտաքճեան։ Հանդէսը վերջ գտաւ անակնկալով մը։ Ութ օրիորդներէ բաղկացած պարախումբ մը մեծ յաջողութեամբ կատարեց դասական պար մը, 18-րդ դարու զգեստաւորումով։ Շնորհալի պարուհիներէն էին՝ Շաքէ Ֆիլիպեան, Մերի Փափազեան, Երանուհի Կարապետեան, Վիքթորիա Պիպէրեան, Ռոզիկ Պետոյեան, Այտա Պարսամեան, Գոհարիկ Աղասեան, Մելեքուհի Չերքէզեան։